Ի՞նչ Ակնկալութիւններ Ունի Հայ Համայնքը Թուրքիոյ Նոր Խորհրդարանէն


Հարցազրոյց «Ակօս»ի խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեանի հետ

ermenihaber.am կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ կը շարունակեն քննարկել խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներն ու ապագայ կառավարութեան կազմը։ 

Խորհրդարանական նախորդ ընտրութիւններէն արմատական կերպով տարբերող այս ընտրութիւններու առանձնայատկութիւնը Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (AKP) մէկ ստուար ընտրազանգուածի կորուստն էր եւ քրտամէտ, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու համար պայքարող Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ) մուտքը խորհրդարան։

Թուրքիոյ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ կը պնդեն, որ ասիկա նոր Թուրքիոյ սկիզբն է եւ լիայոյս են, որ նորընտիր խորհրդարանը պիտի բարեփոխէ երկիրը։ Իսկ նոյն այդ խորհրդարանէն ի՞նչ սպասելիքներ պէտք է ունենան Թուրքիոյ տասնեակ հազարաւոր հայ քաղաքացիները։ Այս մասին ermenihaber.am-ը զրուցած է Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեանի հետ։

Տանձիկեան նախ կը տեղեկացնէ, որ նախընտրական շրջանին «Ակօս»-ը աւելի ուշադրութիւն դարձուցած է ԺԺԿ-ի գործունէութեան եւ հայ թեկնածուներու խորհրդարան մուտքին։

«Երեք հայ թեկնածուներն ալ խորհրդարան մտնելու առիթներ ունէին։ Ասիկա հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամն է։ Այս տեսանկիւնէն դրական կը գնահատեմ ընտրութիւնները։ Իսկ եթէ քաղաքական առումով դիտենք, ապա ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն ամէնէն շատ ուշադրութիւն դարձնող կուսակցութիւնը, իսկապէս, ԺԺԿ-ն է։ Ահա թէ ինչու մենք աւելի շատ ուշադրութիւն դարձուցինք ԺԺԿ-ին», կը պատմէ Տանձիկեանը։

Ըստ Տանձիկեանի, ԺԺԿ-ն հայկական եւ քրտական հարցերու մէջ իր նախկին «քիչ թէ շատ մեղմ լեզուն» կորսնցուցած է, արդէն շատ աւելի խիստ ու կոշտ լեզուով կը խօսի։ «Ի տարբերութիւն ասոր՝ ԺԺԿ-ն ազգային փոքրամասնութիւններու ուղղուած քաղաքականութիւն կը վարէր, հետեւաբար սխալ չըլլար ըսել, որ հայ համայնքը այս ընտրութիւններուն մէջ ԺԺԿ-ի կողքին կանգեցաւ»։

ermenihaber.am-ի թղթակիցի այն հարցումին, թէ նորընտիր խորհրդարանին մէջ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը (ԱՇԿ) եւ հաւասարութիւն քարոզող ԺԺԿ-ն հաւասար թիւով (80) երեսփոխան ունին եւ ուրեմն ո՞ր լեզուն պիտի ըլլայ գերիշխող՝ խաղաղութեա՞ն, թէ՞ այլատեացութեան, Տանձիկեան պատասխանած է.

«Առայժմ յստակ չէ թէ ինչպիսի կառավարութիւն պիտի կազմուի։ Համախոհական պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ։ Կը կարծեմ ԱԲԿ-ն փակուղիի մէջ է։ Բազմաթիւ հարցեր կան, որոնց պատասխանները տակաւին ոչ ոք ունի։ Ու քանի տակաւին վիճակը անորոշ է, անորոշ է նաեւ, թէ ով աւելի ազդեցիկ պիտի ըլլայ խորհրդարանին մէջ։ Բայց կարեւոր մէկ հանգամանք պէտք է հաշուի առնենք։ Ասոնց երեսուն տարի առաջ կ՚ըսէին, թէ այս երկրին մէջ քիւրտ չկայ, իսկ հիմա քրտամէտ կուսակցութիւնը 80 երեսփոխանով մուտք կը գործէ խորհրդարան»։

Անդրադառնալով խորհրդարանի հայ երեսփոխաններուն՝ «Ակօս»-ի խմբագիրը նշած է, որ թէեւ 550 հոգինոց խորհրդարանին մէջ 3 հայ երեսփոխանները թիւը թերեւս փոքր է, սակայն անոնց խորհրդարան մուտքը արդէն իսկ դրական երեւոյթ է։ «Ես կը կարծեմ, որ անոնք առնուազն պիտի կարողանան հայկական թեմային առնչուող հարցեր բարձրացնել խորհրդարանին մէջ, խօսակցութեան նիւթ դարձնել զանոնք։ ատիկա ալ շատ կարեւոր է»։

Խօսելով այն մասին, թէ հայ համայնքը նոր խորհրդարանէն ինչ ակնկալութիւններ կրնայ ունենալ Տանձիկեան ըսած է. «Այս խորհրդարանը շատ ընելիք բան ունի եւ ոչ միայն հայերու հարցին մէջ, այլ՝ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններու։ Բռնագրաւուած գոյքի վերադարձման խնդիր ունինք, հայկական որբանոցի Արմէն ճամբարի, Պոմոնթի Մխիթարեան դպրոցի հարց ունինք, պատրիարքի ընտրութեան խնդիր ունինք։ Դասագիրքերու մէջ մինչեւ այսօր կայ հայերու դէմ թշնամանք սերմանող լեզու եւ ատիկա ակնյայտ է։ Յոյս ունիմ, որ այս հարցին մէջ որեւէ քայլ կը կատարուի։ Ցեղասպանութեան հարցին մէջ, ինչքան ալ դժուար ըլլայ կը սպասեմ, որ նուազագոյնը որեւէ որոշում որդեգրելու, անցեալի հետ առերեսուելու ջանքեր պիտի գործադրուին։ Գոնէ աւելի հանգիստ պիտի կարողանանք այս թեմայի մասին խօսիլ։ Հնարաւոր է քայլեր կատարուին Օսմանեան կայսրութեան եւ հանրապետական Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան հետեւանքով երկրէն արտագաղթած հայերու սերունդներուն քաղաքացիութիւն տալու համար։ Եւ ասոնք միայն իմ սպասումներս չեն։ Մենք հարցախոյզ կատարած ենք, եւ համայնքն ալ նմանօրինակ բազմաթիւ ակնկալութիւններ ունի նորընտիր խորհրդարանէն»։

«Ակօս»-ի խմբագիրը լիայոյս է նաեւ Հայաստանի հետ սահմանի բացման հարցին մէջ։ Ըստ անոր, սահմանի փակ ըլլալը երկու ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութիւնը կը դժուարացնէ, եւ արգելք կը հանդիսանայ տնտեսական յարաբերութիւններու համար։

«Ես սահմանի բացումը կը դիտեմ իբրեւ օրակարգի առաջնահերթ հարց։ Թուրքիան ատիկա կը կապէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի հետ։ Սակայն իրականութեան մէջ այս խնդիրը կը վերաբերի միայն ու միայն Հայաստանին եւ Թուրքիոյ», համոզում յայտնած է Տանձիկեանը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.