ՀՅ Դաշնակցութիւնը Դարձաւ Եւրոպական Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Անդամ
ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Պուտափեշթի մէջ գումարուող Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան (PES) 10-րդ համագումարը հաստատեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամակցութիւնը այդ կազմակերպութեան` իբրեւ դիտորդ անդամ (Եւրոպական Միութեան ոչ անդամ եւ կամ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ոչ թեկնածու երկիրներու կուսակցութիւնները այլ կարգավիճակ չեն կրնար ունենալ):
Ընդառաջելով Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան նախագահութեան առաջարկին` համագումարը նաեւ հաստատեց անդամակցութիւնը Վրաստանէն («Վրացական երազ»), Եգիպտոսէն, Մարոքէն եւ Իտալիայէն կուսակցութիւններու:
Համագումարին կողմէ Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան նախագահ վերընտրուեցաւ Պուլկարիայէն Սերկէյ Սթանիշեւ. միւս թեկնածուն էր Սպանիայէն Էնրիքէ Պարոնը:
«Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան Դաշնակցութեան անդամակցութիւնը նոր կարելիութիւններ կու տայ ՀՅԴ-ին` եւրոպական քաղաքական այդ ընտանիքի անդամներուն հետ աւելի սերտ համագործակցութիւն հաստատելու տեսանկիւնէն», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: