Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Քանատայի Մէջ Հայաստանի Եւ Լիբանանի Դեսպանատուները


Քանատա տուած պաշտօնական կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսը` ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, Օթթաուայի մէջ այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն, ուր ընդունուեցաւ դեսպան Արմէն Եկանեանի եւ դեսպանատան աշխատակազմին կողմէ:

Դեսպանը Արամ Ա. կաթողիկոսին տեղեակ պահեց դեսպանատան տարած աշխատանքներուն մասին, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ մշակութային մակարդակներու վրայ: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին շեշտեց հայ եւ քանատացի ժողովուրդներուն բարեկամութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատեց դեսպանին ու դեսպանատան աշխատակազմին գործունէութիւնը` հայ ժողովուրդը եւ մշակոյթը Քանատայի հանրութեան ծանօթացնելու առումով:

Ապա, վեհափառ հայրապետը այցելեց Քանատայի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Սամի Հատտատին եւ աշխատակազմին կողմէ: Դեսպանը բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին ու իր երախտագիտութիւնը արտայայտեց, որ հակառակ իր կարճ այցելութեան, առիթ գտաւ եւ այցելեց դեսպանատուն: Արամ Ա. կաթողիկոսը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին ջերմ ընդունելութեան համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.