Հայկական Ֆութպոլ. Պերեզովսքի Շատ Հաւանաբար Հանդէս Գայ Փիւնիկի Հետ
1150
0
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի հիմնական բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի առաջարկ մը ստացած է Փիւնիկ Երեւանէն:
40 տարեկան բերդապահին պայմանագրութիւնը Տինամօ Մոսկուայի հետ աւարտած ըլլալով, ան ներկայիս ազատ մարզիկի կարգավիճակ ունի: Ասկէ մեկնելով` Փիւնիկ «Չեմփիընզ լիկ»-ի սկիզբէն առաջ կ՛ուզէ զօրացնել իր կազմը:
Շատ հաւանական է, որ Եուրօ-2016-ի Հայաստան – Փորթուգալ մրցումին յաջորդող օրը Պերեզովսքի եւ Փիւնիկ վերջնական որոշում մը տան այս գծով:
Նշենք, որ 5 տարուան ընդմիջումէ մը ետք, Փիւնիկ Երեւան դարձեալ հանդէս պիտի գայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յուլիսին սկիզբը: