Ասիկա Պատմական Պահ Է Թուրքիոյ Հայ Համայնքին Համար. Հայերու Մուտքը Խորհրդարան


Ձախին՝ Կարօ Փայլան, աջին՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Տեմիրթաշ

Անցեալ դարու 50-ական թուականներէն ի վեր, հայազգի պատգամաւորներ չէ ունեցած Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը (եթէ նկատի չառնենք իսլամ համշէնահայ պատգամաւորի պարագան վերջին տարիներուն): Յունիս 7-ի ընտրութիւնները շրջադարձային են նաեւ այս առումով: Երեք հայազգի երեսփոխաններ` Մարգար Եսայեան (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն), Սելինա Տողան (Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն) եւ Կարօ Փայլան (Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն) այժմ տեղ կը գրաւեն խորհրդարանին մէջ ներկայացնելով քաղաքական երեք տարբեր ուղղութիւններ® Այնուամենայնիւ հայ համայնքի իրաւունքներու հետապնդման առումով, այս փաստը կրնայ կարեւոր գործօն մը հանդիսանալ յառաջիկայ տարիներուն: Եթէ անշուշտ համայնքի ղեկավարութիւնը գործէ հեռատեսութեամբ եւ զոհ չերթայ պառակտիչ խարդաւանքներու:

Ասիկա պատմական վայրկեան մըն է Թուրքիոյ հայոց հաւաքականութեան համար. նոր փորձագետի՛ն մը, որուն ընձեռած պատեհութիւնները պէտք է իմաստութեամբ նուաճել: Երեք պատգամաւորներէն պրն. Կարօ Փայլանը մաս կը կազմէ այն խմբակցութեան, որ կոչուած է ըլլալու դրօշակիրը նոր աշխարհահայեացքի: Պրն. Տեմիրթաշ (Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պարագլուխը) արդէն իսկ յայտարարած է այսօր, որ իր կուսակցութիւնը Էրտողանի հետ դաշինքի մտնելու որեւէ մտադրութիւն չունի: Կարեւոր խոստում մըն է այս մէկը, որ նաեւ կը յստակացնէ իրենց խմբակցութեան քաղաքական առաքելութիւնը խորհրդարանին մէջ:

Անկախ արտաքին քաղաքականութեան ճակատին վրայ մեր ունեցած հարցերէն, յառաջիկայ տարիները նաեւ պիտի հանդիսանան Թուրքիոյ իսլամացուած հայերու մարդկային իրաւանց խնդիրներու արծարծման տարիներ: Այս մարզին մէջ, հանգուցալուծման կարօտ մեծ խնդիրներ ունի դիմագրաւելիք Թուրքիան եւ յատկապէս Թուրքիոյ քաղաքական բեմի այս երիտասարդ ուժը:

Յաջողութի՛ւն Թուրքիոյ հայ համայնքի մեր հայրենակիցներուն:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.