Մանկական Աղքատութիւնը Հայաստանի մէջ


Հայաստանի մէջ մինչեւ 18 տարեկան երեխաներու 3,3 առ հարիւրը կ՚ապրի ծայրայեղ աղքատութեան, իսկ 37,3 առ հարիւրը՝ աղքատութեան մէջ, այն պարագային երբ ծայրայեղ աղքատ եւ աղքատ բնակչութեան համապատասխանաբար՝ 2,7 եւ 32 առ հարիւրը։ Այսինքն, երեխաները աւելի խոցելի են աղքատութեան վտանգի նկատմամբ, քան բնակչութիւնը ամբողջութիւնը։ 

Երկու երեխայ ունեցող տնային տնտեսութիւններու աղքատութեան մակարդակը 42 առ հարիւր է։ Մինչեւ 18 տարեկան երեք կամ աւելի երեխայ ունեցող ընտանիքներուն մէջ աղքատ է երեխաներու 43,2 առ հարիւրը, իսկ ծայրայեղ աղքատ է երեխաներու 4,5 առ հարիւրը։

Մինչեւ 18 տարեկան երեք կամ աւելի երեխայ ունեցող ընտանիքներուն մէջ աղքատ է երեխաներու 47,5 առ հարիւրը, իսկ ծայրայեղ աղքատ է երեխաներու 6,5 առ հարիւրը։

«Աղքատ ըլլալու հաւանականութիւնը էապէս աւելի բարձր է այն երեխաներու մօտ, որոնք կ՚ապրին այնպիսի տնային տնտեսութիւններու մէջ, որոնց գլխաւորը կրթութիւն չունի կամ ունի տարրական կրթութիւն (48,2 առ հարիւր), ունի ոչ լրիւ միջնակարգ կրթութիւն (52,8 առ հարիւր), միջնակարգ կրթութիւն (43,1 առ հարիւր), միջին մասնագիտական կամ թերի բարձրագոյն կրթութիւն (35,5 առ հարիւր), համեմատած այն երեխաներու, որոնք կը բնակին այնպիսի տնային տնտեսութիւններու մէջ, ուր գլխաւորը բարձրագոյն կրթութիւն ունի (22,1 առ հարիւր)։ Ծայրայեղ աղքատութեան վտանգը բարձրագոյնն է այն երեխաներու մօտ, որոնք կը բնակին կրթութիւն չունեցողի կամ տարրական կրթութիւն ունեցողի գլխաւորութեամբ տնային տնտեսութիւններու մէջ։

Մանկական աղքատութիւնը կը տարբերի ըստ քաղաքային եւ գիւղական վայրերու, այսպէս, քաղաքային բնակավայրերու մէջ բնակող երեխաներու ծայրայեղ աղքատութեան մակարդակը կազմած է 3,8 առ հարիւր՝ գիւղական բնակավայրերու մէջ բնակող երեխաներու 2,4 առ հարիւրի համեմատ, իսկ ընդհանուր աղքատութեան մակարդակը համապատասխանաբար՝ 38,2 եւ 36 առ հարիւրի համեմատ։

Մանկական աղքատութեան մակարդակը էապէս կը տարբերի ըստ մարզերու։ Ծայրայեղ մանկական աղքատութիւնը կը տատանուի ամէնէն ցածը՝ 0,9 առ հարիւրէն (Արագածոտնի մարզ) մինչեւ բարձրագոյնը՝ 5,9 եւ 4,4 առ հարիւր (Կոտայքի եւ Շիրակի մարզեր)։ Նոյնը կը նկատուի երեխաներու աղքատութեան ընդհանուր մակարդակի առումով։ Արագածոտնի մէջ երեխաներու աղքատութեան մակարդակը ամէնէն ցածն է՝ 17,2 առ հարիւր, իսկ բարձրագոյնը Շիրակի եւ Կոտայքի մարզերուն մէջ՝ 54,3-48,3 առ հարիւր։

«Բնակարանային հիմնախնդիրները կրնան բացասաբար ազդել երեխաներու առողջութեան, անվտանգութեան, կրթութեան եւ ընկերային զարգացման վրայ։ Աղքատ երեխաները յաճախ կը բնակին կարեւոր կացարանային յարմարութիւններէն զուրկ տուներուն մէջ՝ խոհանոց, հոսող ջուր, կեդրոնացուած կազամատակարարում, կեդրոնացած կոյուղիի համակարգ, լոգարան կամ ցնցուղ չունեցող կացարաններու մէջ։

Աղբիւրը՝ «Հայաստանի ընկերային պատկերը եւ աղքատութիւնը»,
ՀՀ ԱՎԾ, 2014


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.