Յանուն Սուրիահայութեան Անվտանգութեան


Հալէպի բարդ կացութիւնը, ռազմական գործողութիւններու ելեւէջները, քաղաքական բեմահարթակի վրայ Հալէպին առնչուող հակասական լուրերը, կենցաղային անհամար դժուարութիւններն ու յատկապէս բնակելի թաղամասերու պարբերաբար սաստկացող թիրախային ռմբակոծումները մտահոգութեան նոր ալիք բարձրացուցին ոչ միայն տեղւոյն բնակչութեան, այլեւ հալէպահայութեան ճակատագրով մտահոգ ողջ հայութեան մօտ:

Միջազգային բեմահարթակի վրայ տագնապի լուծման հեռանկարի բացակայութիւնը, ճգնաժամի գլխաւոր հեղինակներուն անգամ կացութիւնը հակակշռի տակ առնելու անկարողութիւնը, Սուրիոյ տագնապի մօտալուտ լուծումը չեն ուրուագծեր:

Հալէպի ապահովական վիճակը ծանր է: Այս ուղղութեամբ պատկան մարմիններն ու Հայաստանի պետական ներկայացուցիչները տարբեր մակարդակներով յարաբերական աշխատանքեր կը տանին եւ իրենց կարելին ի գործ կը դնեն գաղութի անվտանգութեան ապահովման համար: Պետական մակարդակի վրայ այս խնդրի արծարծումը կը նախատեսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ Ազգային ժողովի պատուիրակութեան Սուրիա այցելութեան ընթացքին:

Սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան զօրակցութեան կոչուած ճիգերուն մէջ, սակայն, մերթ ընդ մերթ գլուխ կը ցցեն այնպիսի երեւոյթներ, որոնք հալէպահայութեան նպաստելու փոխարէն` կը բարդացնեն անոր վիճակն ու խուճապի կը մատնեն բնակչութիւնը: Այստեղ անհրաժեշտ կը համարենք լուսարձակի տակ առնել ու պարզաբանել անոնցմէ մի քանին.

– Հալէպահայութեան ապրած հոգեկան ծանր տագնապը առաւել սրել սկսած են հայկական մամուլին ու համացանցային էջերուն մէջ տարածուող տարաբնոյթ լուրերը, անպատասխանատու արտայայտութիւններն ու անճիշդ մեկնաբանութիւնները, որոնք երբեմն գաղութը պարպելու կոչերով, անհեռանկար առաջարկներով իրարանցումներու մէջ կը խրեն տեղւոյն բնակչութիւնը:

Տեղին է հաստատել, որ սուրիահայութիւնը, հակառակ իր բազմապիսի կորուստներուն, Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ ներկայութիւն է եւ կը շարունակէ գոյատեւել ու գործել իր միութենական, ուսումնակրթական, եկեղեցական հաստատութիւններով: Հաւաքական տեղաշարժի, գաղութ պարպելու խնդիրը, առանց անոր հետեւանքներուն լուրջ ուսումնասիրութեան, համազգային պատասխանատուութեան խնդիր է, որուն համար համահայկական առումով նպաստաւոր պայմաններ չենք տեսներ այսօր: Համայնքի պատասխանատուները յանձնառութեամբ եւ միասնական ճիգերով կը շարունակեն սուրիահայ գաղութը կանգուն պահելու իրենց աշխատանքը` միաժամանակ պատկան կողմերու հետ սերտելով կացութեան անակնկալ վատթարացման պարագային նախատեսելի քայլերը:

– Սուրիահայութեան քաղաքական կեցուածքներուն գծով մերթ ընդ մերթ հանգամանալից հայ անձնաւորութիւններու կողմէ կը հնչեն այնպիսի թիւր արտայայտութիւններ, որոնք արհեստական հաւասարակշռութիւն ստեղծելու ձախող փորձեր են ու յաճախ նկատի չեն առներ համայնքի ներկայ կացութիւնն ու անոր առնչուող քաղաքական, ապահովական զգայնութիւնները:

Իրականութեան մէջ անհնար է սուրիահայութեան տագնապի ամբողջական տարողութեան իրազեկ դառնալ ու բարոյապէս թէ քաղաքական գետնի վրայ զօրակցիլ անոր` առանց գետնի վրայ իրողութիւնները տեսնելու, առանց Սուրիա այցելելու, իսկ տարբեր մակարդակներէ հնչող զօրակցական կոչերը, խրախուսական ըլլալով մէկտեղ, կը դադրին ազդեցիկ գործօններ ըլլալէ եւ կը տատանին խօսքի սահմաններուն մէջ, եթէ գաղութի տարբեր շրջանակներուն հետ համակարգուած աշխատանքներու չվերածուին:

– Սուրիահայ երեխաներու Հայաստան տեղափոխութեան գծով եւս կը տարածուին ուռճացուած տեղեկութիւններ: Իրականութեան մէջ սուրիահայ երեխաներուն առնչուող Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ հնչած առաջարկը հալէպահայ որոշ թիւով երեխաներ ամառնային արձակուրդին Հայաստան հրաւիրել էր` զանոնք կազդուրելու միտումով: Առաջարկը սերտողութեան տակ է` նկատի ունենալով քաղաքէն դուրս գալու դժուար պայմանները: Հրաւէրի այս առաջարկը Հալէպի ապահովական վիճակի բարդացման կանխատեսումներուն կամ սուրիահայ երեխաներու մեծ ծաւալով տեղափոխութեան առնչելը աղմկարար թափահարումներու ծառայող տարաձայնութիւններ են:

– Ներկայ դրութեամբ յստակ է նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հնարաւորութիւնները թոյլ չեն տար պետականօրէն մեծաթիւ սուրիահայերու ներգաղթի կազմակերպման, ապա նաեւ` կեցութեամբ ու աշխատանքով ապահովելու զանոնք: Այսուհանդերձ, Հայաստանի կառավարութիւնը հնարաւորինս կ՛օժանդակէ հայրենիք հաստատուած սուրիահայերուն:

Միւս կողմէ, տագնապէն տուժած ընտանիքները Հայաստան տեղափոխելու եւ անոնց փոխադրութեան ու կեցութեան ժամանակաւոր ծախսերը հոգալու կոչուած մասնակի կարգ մը նախաձեռնութիւններուն անհրաժեշտ է զգուշութեամբ մօտենալ եւ ուռճացուած կերպով չներկայացնել զանոնք, յատկապէս երբ անոնք սուրիահայութեան խնդիրներուն ամբողջական լուծման չեն նպաստեր, այլ պարզապէս սահմանափակ թիւով ընտանիքներու որոշ խնդիրները կը լուծեն:

Հալէպի օր ըստ օրէ վատթարացող տուեալներու լոյսին տակ անհրաժեշտ է շարունակել սուրիահայութեան օժանդակութեան եւ անոր անվտանգութեան ապահովման ուղղուած աշխատանքները` միշտ կապի մէջ մնալով տեղւոյն պատասխանատու շրջանակներուն հետ, որուն առընթեր օժանդակել Հայաստան կամ հայկական գաղութներ կայք հաստատած սուրիահայերուն` միաժամանակ զգուշ ըլլալով, որ տարբեր երկիրներ հաստատուած հայութեան օգնութիւնը չըլլայ Սուրիա ապրող հայ բնակչութեան օժանդակութեան հաշուոյն:

Խմբագրական «Գանձասար»-ի


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.