Armenian Redwood Project եւ Սփիւռքահայ կազմակերպութիւններ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու օժանդակութեան համար կը գործակցին


Armenian Redwood Project-ը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի մէջ Օքսֆամը (Oxfam), Armenian Redwood Project-ը, Սուրիահայերու օժանդակութեան ֆոնտն ու շարք մը սփիւռքահայ մարմիններ 17 Մարտ 2015-ին յայտարարած են, որ յանձնառու կը դառնան ընդլայնելու ՄԱԿ-ի գաղթականներու գործակալութեան 2014-ին Հայաստանի մէջ կատարած անգնահատելի ջանքերուն, որոնք ի գործ դրուեցան վերջինիս կողմէ Սուրիայէն տեղահանուած ու Հայաստանի մէջ ապաստան փնտռող խոցելի ընտանիքներուն անմիջական բնակեցման ծրագիրին ծիրին մէջ վարձքի նպաստներու տրամադրման համար։

12 ամիսներու վրայ երկարող ծրագիրը, որ հիմնուած է Հայաստանի Օքսֆամի, Armenian Redwood Project-ի եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով օժանդակութեան գործակալութեան միջեւ կնքուած եռակողմ փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթը յայտարարուեցաւ Փետրուար 2015-ին։ Ընտանիքներուն դրամատնային փոխանցումներու ճամբով փոխանցուելիք դրամատնային վարձքին նպատակը ստեղծելն է առժամեայ «ապահովութեան ցանցի» ծրագիր մը, մինչեւ աւելի երկարատեւ բնակեցման լուծում մը։

Սուրիահայերու օժանդակութեան ֆոնտի ատենապետ Ճոն Թիթիզեան յայտնեց. «Պարտաւորուած ենք օժանդակելու մեր սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերու կարիքներուն բաւարարման»։ «Սուրիահայերու օժանդակութեան ֆոնտի վարչական խորհուրդի կարծիքով՝ այս նեղ օրերուն մէջ ճիշդ ձեւը Սփիւռքի, Օքսֆամի եւ միջազգային կազմակերպութեանց հետ գործընկերութիւնն է։ Ի վերջոյ, խօսքը մեր սուրիահայ հայրենակիցներու անկոտրոմ կամքին աջակցելու մասին է», աւելցուց ան։

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով գործակալութեան, Օքսֆամի եւ հայկական սփիւռքի գործընկերութիւնը Հայաստանի մէջ օժանդակութիւններու տրամադրման կարողութիւնը աճեցուցած է, եւ 2015-ին պիտի կարողանայ աւելի քան 800 ընտանիքներու նպաստ տրամադրել։ 2015-ին, սուրիահայ նոր գաղթականներ շաբաթական դրութեամբ շարունակեցին ապաստանիլ Հայաստան։

«Այս ծրագիրը հայկական սփիւռքի, Օքսֆամի, ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով գործակալութեան ոչ կառավարական Mission Armenia կազմակերպութեան միջեւ գործակցութեան իւրայատուկ օրինակ մըն է», ըսաւ Հայաստանի մէջ Օքսֆամի տնօրէն Մարկարիթա Յակոբեան՝ աւելցնելով.«Վստահ եմ, որ այսպիսի միացեալ ծրագիրներ ռազմավարական եւ աւելի երկարատեւ գործընկերութիւններու ստեղծման հիմք պիտի ծառայեն եւ սուրիահայ տեղահանուած ընտանիքներուն հայաստանեան հասարակութեան համարկումը կարելի պիտի դարձնեն»։

Armenian Redwood Project-ի գլխաւոր գործադիր պաշտօնատար եւ գործարար Ռաֆֆի Արտհալճեան յայտնեց. «Մանուկներու եւ ընտանիքներու համար վարձքերու նպաստը երկար ժամկէտի վրայ «շարունակելի» մօտեցում մըն է. թէեւ, մինչեւ ընտանիքները իրենց կեանքերը պատշաճեցնելը, այդ մէկը սփիւռքի եւ անոր միջազգային գործընկերներուն կողմէ մարդասիրական օժանդակութեան շարունակում պիտի պահանջէ»։ «Մեզի համար պատիւ է ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով գործակալութեան հետեւիլն ու Հայաստանի Օքսֆամի եւ Սուրիահայերու օժանդակութեան ֆոնտին հետ ձեռք-ձեռքի տալը։ Կը յուսամ, որ այս գործընկերութիւնը այս անմիջական միջամտութենէն անդին պիտի աճի»։

Ծրագիրը պիտի գործադրէ ոչ կառավարական Mission Armenia կազմակերպութիւնը, որ արդէն կը գործադրէ 2014-ին ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով գործակալութեան կողմէ ֆինանսաւորուած ծրագիրներու ճամբով անմիջական բնակեցման ծրագիրները, ներառեալ սուրիահայ ընտանիքներու վարձքի նպաստներու տրամադրումը։ Ծրագիրէն պիտի օգտուին 2015-ին նոր ժամանող ընտանիքները, ինչպէս նաեւ շարք մը խոցելի ընտանիքներ, որոնք նախապէս ժամանած են, սակայն տակաւին անմիջական օժանդակութեան կարիքը ունին։

«Ասիկա հոյակապ օրինակ մըն է, թէ ինչպէս սփիւռքեան կազմակերպութիւններու, իբրեւ անձնական, միջազգային եւ տեղական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ ծառայող տարբեր դերակատարներ կրնան միասնաբար աշխատիլ բարելաւելու համար մարդասիրական նպաստը, համագործակցութիւն ստեղծել, սահմանափակ աղբիւրները առաւելագոյն կերպով օգտագործել եւ, ինչ որ աւելի կարեւոր է, տեղահանուած ժողովուրդներու տառապանքը մեղմացնել», ըսաւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով գործակալութեան ներկայացուցիչ Քրիսթոֆ Պիրվըրթ։

Photo credit: Ghadah Alrawi


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.