Հայկական Ցեղասպանութիւնը ժխտելու պատճառով պելճիքացի թուրք երեսփոխանը արտաքսուեցաւ կուսակցութենէն


Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Պելճիքայի Մարդասիրական ժողովրդավարական կեդրոն կուսակցութիւնը 29 մայիսին իր շարքերէն արտաքսած է ծագումով թուրք Մահինուր Էօզտեմիրը, որ Պրիւքսէլի խորհրդարանի անդամ է. ան նաեւ անդամ է Պրիւքսէլի Սքարպեք համայնքի քաղաքապետական խորհուրդին:

Վերջին շրջանին, եւ յատկապէս 24 ապրիլին յաջորդող օրերուն, Պելճիքայի քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ դժգոհութեան ալիք բարձրացած էր ծագումով թուրք երեսփոխաններուն նկատմամբ, որոնք կը ժխտէին Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ նոյնիսկ մերժած էին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Էօզտեմիր անոնցմէ մէկն էր:

Պելճիքական նշեալ կուսակցութեան ղեկավար Պենուա Լիւթժեն արդէն քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ կուսակցութեան մէջ ժխտողական դրսեւորումներ պիտի չհանդուրժէ: Կուսակցութեան կարգապահական յանձնախումբը հարցաքննութեան կանչած է Էօզտեմիրը, որ հաստատած է իր ժխտողական կեցուածքը, որուն պատճառով ան կուսակցութեան շարքերէն դուրս դրուեցաւ: Կուսակցութիւնը նաեւ կը պահանջէ, որ ան հրաժարի քաղաքապետական խորհուրդի իր անդամակցութենէն:

«Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ  Մարդասիրական ժողովրդավարական կեդրոն կուսակցութեան այս արդար եւ խիզախ քայլը, որ կը բխի մարդասիրական եւ ժողովրդավարական իր սկզբունքներէն», ըսաւ յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան` աւելցնելով. «Արդէն բաւական ժամանակ է, որ մենք եւ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբը սերտ կապերու մէջ ենք Մարդասիրական ժողովրդավարական կեդրոն կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ, եւ բարձր կը գնահատենք Լիւթժենի այս քայլը, որ առանց քաղաքական հաշուարկներու իր խօսքին տէրը կանգնեցաւ եւ կուսակցութենէն հեռացուց Էօզտեմիրը: Կ՛ակնկալենք, որ այս որոշումը օրինակ հանդիսանայ Պելճիքայի կարգ մը քաղաքական կուսակցութիւններուն եւս, որոնք նոյն քայլը պէտք է որդեգրեն` իրենց շարքերէն դուրս դնելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողները»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.