Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի վերականգման համար դիմում ներկայացուած է կառավարութեան


Մշոյ Եուքարըյոնգալ գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Կարապետ հայկական վանքի տարածքը այնտեղ գտնուող տուներէն ազատելու եւ վանքի վերանորոգման աշխատանքները իրականացնելու համար Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն դիմում  ներկայացուած է:

Դիմումը ներկայացուցած «Սասուն, Պիթլիս, Պաթման, Մուշ, Վան, Սթամպուլ եւ միւս բոլոր նահանգներու, շրջաններու, գիւղերու հայերու եւ Սասունի շրջանի գիւղերու հայկական սոցիալական փոխօգնութիւն ու մշակութային համերաշխութիւն» միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճըն յայտնած է, որ  սբ. Կարապետը շատ կարեւոր եւ պատմական վայր է:

ermenihaber.am-ի փոխացմամբ` թրքական «Milliyet» թերթը կը յայտնէ, որ Տաղճըն  անցեալին եւս դիմած էր վանքի վերակառուցման համար, սակայն մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան գրաւոր պատասխանէն տեղեկացած էր, որ վանքի տարածքին մէջ կայ 48 տուն եւ 6 խոտամբար: Տաղճըն նշած է, որ
23.03.2012 թուականին ստացուած նամակին մէջ (համար 2012-65584) իրենց տեղեկացուցած էին, որ 6 ամսուան ընթացքին տարածքը կ’ազատեն: «Բայց 2012-էն մինչեւ 2015թ. եկեղեցին եւ անոր տարածքը չեն ազատուած»,- ըսած է միութեան նախագահը:

Վերջինը նաեւ յիշեցուցած է, որ թրքական պետութիւնը Լոզանի պայմանագիրի 42/3 կէտով պարտաւորուած է  պահպանութեան տակ առնել փոքրամասնութիւններու եկեղեցիները,  սինակոկները, գերեզմանները եւ այլ կրօնական հաստատութիւնները:

Տաղճըն նշած է պահպանութեան կարիք ունեցող եւ մշակութային ժառանգութիւն հանդիսացող վայրերուն մէջ կառուցապատում իրականացնող անհատներուն պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութեան մասին` յիշեցնելով, որ օրէնսդրութեան համաձայն, պատմամշակութային կառոյցներուն դիտաւորեալ կերպով վնաս հասցնողներուն, ապօրինի կառուցապատում իրականացնողներուն կը սպառնայ 2-5 տարուան ազատազրկում:

Տաղճըն մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւններէն դրական պատասխան կ’ակնկալէ: Ան յայտնած է, որ պատասխանը ստանալուն պէս պիտի սկսին տարածքի մաքրման եւ վերականգման աշխատանքները:

Նկարները՝ Սուրբ Կարապետ վանքը 1915-էն առաջ եւ… այսօր։

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.