Հայաստանի մէջ սուրիացի գաղթականներու համարկման գործընթացի հարցով վարչապետ Կարապետեանէն «Վիր Շաֆըն Տաս» մը կ’ակնկալենք
Սուրիահայ աշակերտներ Գիւմրիի մէջ
Ռաֆֆի Արտհալճեան
Սուրիոյ պատերազմի նախնական հանգրուանէն ետք (2011-2016), Հայաստան իր մարդասիրական քայլերէն անդին կ՚անցնի համարկման հանգրուանի՝ 2018-2020 Ազգային փոխազդեցութեան ծրագիրով մը։ Հայաստանի ազգային համարկման գործընթացն ու երկրի փոխազդեցութեան ծրագիրը շուտով պիտի հրապարակուին։ Այս փաստաթուղթին նպատակը Հայաստանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն հարցերը լուծելն է։ Գործնականանալու համար շուտով կարիքը պիտի ունենայ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ամբողջական աջակցութեան։
Շուրջ մէկ տարի առաջ‚ Փետրուար 2016-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող վերջին վեհաժողովէն ետք‚ Հայաստանի մէջ Գաղթականներու Համարկման քարտուղարութիւնը‚ որ կը գտնուի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ (մասամբ ֆինանսաւորուած Կիւլպենկեան հիմնարկին կողմէ) հրապարակեց իր սկզբնական ծրագիրը՝ «Երկրի փոխազդեցութիւն» ծրագիրին վրայ կեդրոնանալու համար։ Նշենք, որ այս գաղափարը մենք եւ մեր գործընկերները միշտ ալ ջատագոված ենք։ Ասիկա Նարինէ Քարինեանի գլխաւորութեամբ եւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ անձնակազմին կողմէ ողջունելի աշխատանք մըն է։ Մենք ներառարական ծրագիրը եւս գովելի գտանք։ Անձնակազմը ներդրումներու համար դիմեց ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ նուիրատուներու։ Այս շրջագիծը նաեւ Հայաստանի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն համար ոսկեայ առիթ մըն է համագործակցիլ սորվելու համար։ Ընդհանուր առմամբ‚ հակառակ ըստ մեզի երկար տեւելուն‚ համապարփակ ծրագիր մըն էր։
Համարկման ծրագիրը կը վերաբերի առաջնահերթ հարցերու. ինչպէս՝ բնակեցում‚ առողջապահական խնամք‚ կրթութիւն եւ տնտեսական համարկում. կը նշուին նաեւ իւրաքանչիւր ծիրին մէջ կիրարկուելիք գործընթացն ու քայլերը։
«Ազգային փոխազդեցութեան» կարողականութեան տեսանկիւնէն‚ մենք այս համարկման ծրագիրը կը նկատենք առաջին կառուցային շրջագիծը‚ որ կը փորձէ անցեալ քանի մը տարիներուն մասնատուած ջանքերը համակարգել։ Մինչ յուսախաբ ենք անոր պատրաստութեան երկարատեւութենէն‚ սակայն կը շարունակենք մնալ խանդավառ‚ որովհետեւ երիտասարդ հանրապետութեան մը համար զարգացման կարեւոր անկիւնաքար մըն է այս: Հարկ է նշել‚ որ Հայաստան իր հիւրընկալած գաղթականներուն առումով աշխարհի առաջատար երկիրներէն է, համեմատաբար իր բնակչութեան թիւին։
Ինչպէս նախապէս ըսած ենք‚ Հայաստանը‚ կարգ մը սուրիահայ գաղթականներու համար, կրնայ աւելի լաւ այլընտրանք ըլլալ, քան կուրօրէն դէպի արեւմուտք փախուստ տալու հնարաւորութիւնը։
Գաղթականներ հիւրընկալելէ անդին Հայաստանի յաջորդ մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ անոնց համարկումը։ Պատմականօրէն, Հայաստանի մէջ համարկման գործընթացը կ’երկարի 1946-48-ի ներգաղթէն մինչեւ 1990-ականներու սկիզբը Ատրպէյճանէն գաղթականներու ներհոսքը։ Համարկման վերաբերեալ ակադեմական եւ քաղաքականութեան յանձնարարականներու շարքը ցոյց կու տայ‚ թէ բացարձակ լուծումները սակաւաթիւ են։ Մեր փորձառութենէն մեկնելով կրնանք ըսել‚ թէ ուղեցոյցներ հրապարակելէ անդին գաղթականներու կեանքին մէջ գործնական արդիւնք տուող «քաղաքական կամքը» կրնայ օգտակար ըլլալ։ Ահա թէ ինչո՛ւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի այս հարցով դերակատարութիւնը կարեւոր է։ Համարկումի ազդու ծրագիրը բազմերես նախաձեռնութիւն մըն է եւ Սփիռքի նախարարութեան լիազօրութիւններէն անդին կ’երթայ։ Անիկա նաեւ պիտի պահանջէ պետական ֆինանսաւորում եւ այլ յանձնառութիւններ‚ որոնք միայն վարչապետ մը կրնայ ստանձնել։
Համարկման յառաջիկայ հանգրուանը պիտի չվերաբերի միայն գաղթականներու համար պատշաճ բնակարան ապահովելու մարտահրաւէրին‚ այլ պիտի դիմակայէ գաղթականներու կեանքերը վերականգնելու‚ Հայաստանի մէջ իրենց համար տեղ շինելու եւ հայաստանեան հասարակութեան մէջ գործօն մասնակցութիւն բերելու աւելի մեծ հարցերը։
Հայաստանի մէջ տասնեակներով սուրիացի գաղթականներու հետ մեր զրոյցներուն ընթացքին նշմարած ենք‚ որ անոնք կ’ուզեն այն ինչ որ բոլորս կ’ուզենք՝ ապահով զգալ‚ օրէնքի տակ արդար վերաբերմունքի արժանանալ‚ աշխատիլ‚ իրենց սիրելիներով շրջապատուած ըլլալ եւ իրենց զաւակներուն համար աւելի լաւ ապագայ մը տեսնել։
Վարդուկի («Արմինիըն Ռետուուտ բրոճէքթ»ի կողմէ ընտանեօք օդային ճանապարհով Սուրիոյ Քոպանի քաղաքէն փրկուած) նման գաղթականներ օգտուած են Հայաստանի գաղթականներուն տրամադրած բազմերես օժանդակութենէն‚ ներառեալ կրթութենէն։
Արեւմուտքի մէջ գաղթականներուն դէմ եղող տրամադրութիւնները տեսնելէ ետք‚ Հայաստանի մէջ ապաստան փնտռող բազմաթիւ գաղթականներ պատրաստ են պատշաճ օժանդակութեամբ բաւարարուելու։ Բայցեւայնպէս‚ Հայաստանի պարագային գաղթականներուն պահանջքներուն մեծամասնութեան կարիքը ունին նաեւ Հայաստանի բնակչութեան 30 առ հարիւրը‚ որ աղքատութեան նշանակէն վար կ’ապրի։ Աղբիւրներ տրամադրելու առումով վարչապետին դիմագրաւած մարտահրաւէրը կը հասկնանք։ Սակայն‚ եթէ վարչապետը սփիւռքի եւ միջազգային նուիրատուներու հետ միասնաբար աշխատի, գաղթականներու համար աւելի լաւ կեանքի ապահովման համար (եւ ինչու չէ տեղւոյն բնակիչներէն ոմանց համար‚ կը կարծենք մարդասիրական ճգնաժամը պիտի վերածենք Հայաստանի համար զարգացման առիթի։
Սուրիացի գաղթականները Հայաստանի համար մարդուժի տարատեսակ աղբիւր են։ Անոնց ներկայութիւնն ու ներդրումը արդէն զգալի դարձած է Երեւանի մէջ եւ այլուր։
Կը յուսանք‚ որ վարչապետ Կարապետեանի անդրադարձը պիտի ըլլայ վարչապետ Անկելա Մերքելի նման՝ «Վիր Շաֆըն Տաս» (պիտի կատարենք)։ Վստահ ենք‚ որ պիտի կարենանք այդ մէկը ընել, նոյնիսկ այս դժուար ժամանակներուն մէջ։