Ամերիկայի Դեսպանը Արցախի Հակամարտութեան Լուծման Համար Քաղաքական Կամք Ցուցաբերելու Կոչ Կ՛ընէ


0521ambrobert
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Միացեալ Նահանգները, ըլլալով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի անդամ, ջանքեր ի գործ կը դնէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար: Ներկայիս մենք կը շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ», Մայիս 20ին յայտարարած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգերու դեսպան Ռապըրթ Սեքուտա:
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան՝ դեսպանը յայտնած է, որ համանախագահները բանակցութիւններ կը վարեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, այս տարուան ընթացքին նախագահներու հանդիպում մը կազմակերպելու համար:
«Պէտք չէ մոռնալ, որ երկու երկրներու ղեկավարները պէտք է քաղաքական կամք ցուցաբերեն եւ քայլերու ձեռնարկեն՝ ձգձգուած հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ համանախագահներու առաջադրած գաղափարներուն հիման վրայ», եզրակացուցած է ամերիկացի դեսպանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.