ՀՅԴ ԳԵՄ-ի եւ ՀԵԴ-ի 200 անդամներ մասնակցեցան Գանատայի եռակողմանի սեմինարին


«Վերապրեցանք որպէս ազգ ու պայքարելով կը կերտենք մեր ապագան։ Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»։

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) համար պատմական շաբաթավերջ մըն էր։ Մայիս 15-16-17-18-ին Մոնթրէալէն, Լաւալէն, Թորոնթոյէն, Գեմպրիճէն, Վանգուվըրէն, Սէնթ Գաթրինզէն, ինչպէս նաեւ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն 200 երիտասարդներ հաւաքուեցան Գանատայի Քեպէգ նահանգի Քինքորա բանակավայրին մէջ, համատեղ եռակողմանի սեմինարին համար։ Ներկայ էին ՀՅԴ երիտասարդականի 16 մասնաճիւղերու անդամներ։

Շաբաթ օրուան ծրագիրը սկիզբ առաւ քաղաքական “lobbying”-ի մասին դասախօսութեամբ, զորս ներկայացուց ընկեր Մուրատ Թոփալեան։ Յաջորդ նիւթը ներկայացուց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Րաֆֆի Տօնապետեան՝ ներկայացնելով Հայ Դատի աշխարհատարած աշխատանքները։ Կեսօրուան դադարէն ետք սեմինարը շարունակուեցաւ ընկեր Մհեր Գարագաշեանի «ի՞նչ է ՀԵԴ-ի եւ ՀՅԴ-ի անդամի դերը» դասախօսութեամբ։ Ամէրիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործավար ընկերուհի Էլիզապէդ Չուլճեան, դասախօսեց հանրային հաղորդակցութեան եւ քաղաքական քարոզչութեան մասին։ Արժանթինէն Ընկեր Խաչիկ Տէր Ղուկասեան Skype-ի ներկայացուց Հայաստանի տնտեսական իրավիճակը։ Միութենականները առիթը ունեցան մասնակցելու ընդհանուր հարցերու քննարկման, հարցումներ ուղղելով վերոնշեալ դասախօսներուն։

Կիրակի բոլոր ընկերներն ու ընկերուհիները խումբերու բաժնուեցան եւ աշխատանոցներ կազմելով անցան գործի։

Սեմինարի Վերջին որը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Հրանդ Մարգարեանի տեսրիզով իր պատգամը ծոխանցեց Սեմինարի մասնակիցներուն, շեշտելով. «Մեր ուժի աղբիւրը Դաշնակցական մարդն է։ Իսկ դուք, երիտասարդներ, այդ ուժն էք»։

Դաստիարակչական ծրագրի կողքին, մասնակիցները առիթը ունեցան ազգային-յեղափոխական երգերով խանդավառ պահեր ստեղծելու եւ երիտասարդականի շրջանաւարտներու պատրաստած համեղ ճաշերը վայելելու:

Սեմինարը առիթ մը ստեղծեց համախմբելու Հիւսիսային Ամերիկայի ՀՅԴ կազմակերպութեան երիտասարդութիւնը, որոնք առիթը ունեցան իրար հետ յարաբերելու, ընկերական կապեր հաստատելու, նոր գիտելիքներ ամբարելու եւ գաղափարներու փոխանակումով նպաստելու կազմակերպութեան յառաջդիմութեան։

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւն

լուսանկարները Իշխան Ղազարեանի


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.