Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը «Արմէն» Ճամբարի Քանդումը Կասեցնելու Կոչ Կ՛ընէ


0519armen camp
ՓԸՐԵՄԸՍ, Նիւ Ճըրզի.- Հակազդելով Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող «Արմէն» ճամբարի («Քեմփ Արմէն») քանդումի աշխատանքներու վերջին լուրերուն՝ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) յատուկ նամակներ յղեց Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին եւ Միացեալ Նահանգներու լիազօր դեսպանին, խնդրելով անոնց միջամտութիւնը եւ աջակցութիւնը:
Մայիսի սկիզբը, երբ սկսան «Արմէն» ճամբարի քանդման աշխատանքները, Թուրքիայէն խումբ մը հայորդիներ, որոնց մէջ կը գտնուէին Պոլսոյ «Պատանեկան տան» նախկին սաներ, շտապեցին դէպքի վայրը, եւ այնուհետեւ կը շարունակեն պահակախմբել օր ու գիշեր՝ կանխելու համար շարունակութիւնը ճամբարի քանդման աշխատանքներուն: Անոնց շարքին կը գտնուէր նաեւ Ռաքէլ Տինք՝ Հրանդ Տինքի այրին:
ԱՀԱԸի վարիչ տնօրէն Զաւէն Խանճեան, իր նամակներուն մէջ կը խնդրէ Թուրքիոյ հանրապետութեան ղեկավարներու միջամտութիւնը՝ կանխելու համար պատմականօրէն նշանակալից եւ սիրելի ճամբարին քանդումի աշխատանքները եւ ապահովելու ճամբարի կալուածի վերադարձը անոր օրինական սեփականատիրոջ՝ Պոլսոյ մէջ գտնուող Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ:
«Թուրքիոյ հանրապետութեան ղեկավարներուն միջամտութիւնը կը խնդրենք այս հարցին մէ»ջ, գրած է Խանճեան՝ աւելցնելով. ««Քեմբ Արմէն»ը տունն էր աւելի քան 1500 որբերու, որոնք փրկուած էին Անատոլիոյ խորքերէն: Այս ճամբարին մէջ էր որ Հրանդ եւ Ռաքէլ Տինք հասակ առին եւ ամուսնացան: Այս ճամբարը այդ որբերու քրտինքով եւ տքնաջան աշխատանքով կառուցուած էր, եւ դարձած անոնց դրախտավայրը: Այս վայրը եւ ժամանակաշրջանը մեր պատմութեան մէջ եղած է շատ իմաստալից էջ մը, եւ չենք ուզեր կորսնցնել զայն: Աղօթող ենք, որ Աստուած մեր բոլորին շնորհէ այս օրինական պայքարի կարգաւորումին խաղաղ լուծումը»:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը կոչ կ՛ուղղէ մեր բոլոր Հայ եկեղեցիներուն եւ կազմակերպութիւններուն բարձրացնել իրենց ձայնը եւ նմանատիպ նամակներ եւ խնդրանքներ յղել Թուրքիոյ հանրապետութեան առաջնորդներուն:
ԱՀԱԸն հիմնադրուած է 1918ին, որպէս քրիստոնէական կազմակերպութիւն, իր ծառայութիւնները մատուցանելու համար բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին՝ առանց խտրութեան: Անիկա իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ՝ հայրենիքի եւ արտերկրի քսանչորս տարբեր երկիրներու մէջ: Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք հեռայաձնել (201) 265-2607 թիւին կամ այցելել ԱՀԱԸի համացանցային կայքը՝ www.amaa.org։

0519armen camp1


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.