Հայ Ճատրակ Խաղացողը Կը Տիրանայ Ռուսիոյ Ախոյեանութեան
1402
0
ԵՐԵՒԱՆ.– Ազգութեամբ հայ ճատրակ խաղացող Կարինա Համբարձումովա դարձած է արագ ճատրակի Ռուսիոյ ախոյեան: Կրոսմայսթըր Կարինա Համբարձումովա Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած Ռուսիոյ արագ ճատրակի ախոյեանութեան 11 հնարաւորէն վաստակելով 9 միաւոր՝ նուաճած է առաջին մրցանակը եւ արժանացած երկրի ախոյեանի տիտղոսին: Այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութիւնը:
Համբարձումովա կրցած է ախոյեան հանդիսանալ 35 մրցակիցներու մէջ, որոնց կարգին էին նաեւ միջազգային կոչումներ ունեցող 29 խաղացողներ, նաեւ՝ 8 կրոսմայսթըրներ: