Թուրքերը Վանի Գտածոները Պահանջելու Յանդգնութիւն Ունեցան


ee73ee83ea

Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ, «Նիուզ».- Ս. Փեթերսպուրկի թրքական հիւպատոսութիւնը վերջերս յանդգնութիւնն ունեցած է Ռուսիայէն պահանջելու հայկական մշակութային պատմական գտածոներ:
1916 թուականի ռուսական ռազմարշաւին ընթացքին, որ թոյլ տուաւ ժամանակաւորապէս ազատագրելու Օսմանեան Թուրքիոյ արեւելեան հատուածը, Ս. Փեթերսպուրկի Ազգագրութեան թանգարանը Նիկոլայ Բ. ցարէն խնդրած էր գիտնականներու խումբ ուղարկել Վանի շրջան՝ հնագիտական գտածոները հաւաքելու եւ զանոնք կործանումէ փրկելու համար: Բարեխղճօրէն հաւաքուած մշակութային գտածոները 100 տարի շարունակ նկուղի մէջ պահուած եւ երբեք չեն ցուցադրուած: Անցեալ շաբաթ անոնք վերջապէս ցուցադրուեցան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Թուրքիոյ հիւպատոսութիւնը, իմանալով, որ Թանգարանը Վանէն բերուած արժէքաւոր մշակութային յուշարձաններ ունի, կապ հաստատած է աշխատակիցներու հետ՝ յայտարարելով, որ այդ առարկաները կը պատկանին Թրքական հանրապետութեան եւ պահանջած է զանոնք վերադարձնել:
Թանգարանի ղեկավարութիւնը մերժած է թրքական կողմի պահանջները՝ յայտարարելով, որ 1916ին զանոնք տէրերէն գնած են: Հետաքրքրական է, անոնց տէրերը սպաննելէ, տուները այրելէ եւ գոյքը իւրացնելէ վերջ՝ թուրք դիւանագէտները յանդգնութիւն ունեցան պահանջելու հայկական մշակոյթի այդ մասունքները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.