Շուէտի Մէջ Ցեղասպանութեան Նիւթը Դասաւանդելու Նախաձեռնութիւն


Շուէտի Ձախերու կուսակցութեան արտաքին քաղաքականութեան խօսնակ Հանս Լինտ յայտարարած է, որ կուսակցութիւնը նախաձեռնած է Շուէտի դպրոցական դասագրքերուն մէջ 1915ին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւններուն մասին պատմող նիւթեր ներառելու աշխատանքին:
Ան նշած է, որ նոր ցեղասպանութիւններ կանխելու համար անհրաժեշտ է տեղի ունեցածները ընդունիլ եւ անոնց մասին տեղեկացնել լայն զանգուածներուն:
Ըստ «Firatnews» կայքին՝ պատգամաւորը նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին կոչ ըրած է վերջ դնել Ցեղասպանութեան զոհերու հարազատները վիրաւորելու քաղաքականութեան, ընդունելով 100 տարի առաջ իրականացուած ոճրագործութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.