Թորոնթոն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբը այսու կը տեղեկացնէ որ իր ջանքերուն շնորհիւ, 6 մայիս 2015ին, Թորոնթոյի Քաղաքապետական Խորհուրդը վաւերացուց MM6.7 բանաձեւը, այսպէս արձանագրելով յաղթանակ մը եւս: Բանաձեւը կ’ըսէ.

 «2015ը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակն է: Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, տեղի ունեցաւ 1915-1917 թուականներուն: 24 ապրիլ 1915ին, Օսմանեան Կառավարութիւնը ձերբակալեց աւել քան 200 հայ մտաւորականներ ու ղեկավարներ Պոլիսի մէջ: Անոնք ուղարկուեցան Անատոլուի բանտերը ուր եւ սպաննուեցան: Ապա, հազարներ հազարներու ետեւէն բռնաշխատութեան ենթարկուեցան, ջարդուեցան կամ տեղահանուեցան: Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան ծրագրած իր իսկ բնակիչներու բնաջնջումն էր: Այս վայրագութիւնը տեղի ունեցաւ առաջին աշխարհամարտի ընթացքին եւ անկէ ետք, որու հետեւանքով 1,5 միլիոն հայեր սպաննուեցան: 2004 թուականին, ճանչնալով պատմութեան ողբերգական այս հատուածը, քաղաքապետ՝ Տէյվիտ Միլլըր 25 Ապրիլ 2004ը հռչակեց Հայոց Ցեղասպանութեան Օր, Թորոնթոյի մէջ:

Յանձնարարական. Խորհրդատու Ճիմ Քարիճիանիս, որուն երկրորդեց խորհրդատու Կլէն Տը Պարմաքըր կը յանձնարարէ. Քաղաքապետական Խորհուրդը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարեդարձը, մեծարելու համար սպաննուած այրերու, կիներու եւ մանուկներու յիշատակը»:

 Բանաձեւը առաջադրուեցաւ խորհրդատու Ճիմ Քարիճիանիսի կողմէ եւ թորոնթոհայ գաղութի երկարամեայ բարեկամներու՝ քաղաքապետ Ճոն Թորիի, խորհրդատուներ՝ Շէլի Քարօլի, Նորմ Քէլիի, Ճաշ Մաթլոյի, Ռէյմընտ Չոյի եւ Ճօ Միհեվչի զօրակցութեան արդիւնքով, 2/3րդ մեծամասնութեամբ վաւերացուեցաւ, առանց քուէարկութեան դրուելու քաղաքապետական խորհուրդի գործադիր մարմինի ժողովին:

Խորհրդատու Քարիճիանիս Հայ Դատի յանձնախումբին յայտնեց թէ ինք «կը հաւատայ որ կարեւոր է յիշել պատմութեան մեզի տուած դասերը, եւ պաշտպանել Գանատացիներու պաշտած արժէքները – խաղաղութիւն, ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ յարգանք: Այսպիսով, մեր պարտաւորութիւններուն ու պարտականութիւններուն նկատմամբ կը զարգացնենք խոր հասկացողութիւն եւ կը վստահեցնենք որ կ’ապրինք խաղաղութեամբ եւ համերաշխութեամբ, մարդկութեան համար աւելի արդար եւ հանդուրժող ապագայ մը կերտելու աշխատանքի ընթացքին»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.