«Հորիզոն»-ի հարցազրոյցը Գանատայի ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան նախարար Քրիս Ալեքսանտրի


Գանատայի ներգաղթի նախարար Քրիս Ալեքսանտրի նախարարական գրասենեակի տեղեկատուական բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ, Մայիս 3-ին, Մոնթրէալի մէջ «Հորիզոն»-ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան հանդիպում-զրոյց մը ունեցաւ նախարար Ալեքսանտրի հետ, որ կը գլխաւորէր Ապրիլ 24-ին Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան մասնակից գանատական պատուիրակութիւնը:

«Հորիզոն»-Պրն.Նախարար դուք նոր վերադարձաք Հայաստանէն, ուր Երեւանի մէջ մասնակցած էիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան։ Ծիծեռնակաբերդ ձեր այցելութեան ընթացքին ի՞նչ էին ձեր մտածումները։

Քրիս Ալեքսանտր – Շատ զգացական պահ էր, որովհետեւ այդ իրադարձութիւնները 100 տարի առաջ տեղի ունեցած են, սակայն այժմ, շնորհիւ միջազգային ուսումնասիրութեանց, զանոնք աւելի լաւ կը հասկնանք, ուստի դէպքերը կեանքի կը կոչուին։ Անշուշտ նաեւ արարողութիւնը ինքնին հոգեպարար էր, ծաղիկները, մանուկները եւ համալիրին հոյակապ տեսարանը, ազդեցիկ էին։ Գոյութիւն ունի նաեւ թանգարանը, որ հոյակապ է, շատ դիպուկ է, փաստերու հեղեղ մը։ Ուստի ոեւէ մէկու կողմէ այս պատմութիւնը, ներկայ ժամանակաշրջանին մէջ ժխտելը անհեթեթ է եւ անկեղծօրէն քստմնելի։ Այդ հոյակապ յուշահամալիր մեր այցելութեան ընթացքին այդ զգացումներով լեցուած էինք։ Նաեւ ամբողջ աշխարհը այդտեղ տեսնելը հոյակապ էր։ Կը կարծեմ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ շատ լաւ խօսեցաւ եւ ներկայացուց Արեւմուտքի տեսակէտը։ Անշուշտ նախագահ Սարգսեանը եւ ուրիշներ եւս շատ լաւ խօսեցան։ 
Այնտեղ գտնուելու ընթացքին առիթը ունեցայ զրուցելու բազմաթիւ նախարարներու հետ, ինչպէս սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ։ 
Ես ձեռնարկած էի շրջապտոյտ մը, որուն ծիրին մէջ շարք մը գործընկերներու հետ մեկնեցայ Լիբանան՝ այդ երկրի դիմագրաւած գաղթականներու ճգնաժամին մասին խօսելու համար: Ապա մեկնեցայ Ուքրանիա, որ յարձակումի ենթակայ երկիր մըն է։ Ուստի Ծիծեռնակաբերդի մէջ այդ բոլորը կը յիշենք։ Մեր վարչապետն ալ վերջերս մեկնեցաւ Իրաք եւ Քուէյթ, ուր այցելեց մեր բանակայիններուն, ինչպէս նաեւ մարդասիրական մեծածաւալ օժանդակութիւն տրամադրեց այդ տարածաշրջանի բնակչութեան։ 

Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը կարեւոր է հայերուն, աշխարհին եւ 20-րդ դարու ընթացքին պատահած ցեղասպանութեանց պատմութեան համար, սակայն նաեւ ներկային համար, որովհետեւ անկէ պէտք է դասեր քաղել եւ զանոնք օգտագործել այսօրուան աշխարհին մէջ։

«Հ»-Պարոն նախարար, Գանատայի հայ համայնքը երախտապարտ է Գանատայի, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին երկիրներէն է, ինչպէս նաեւ հպարտ կը զգայ այսքան մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրող երկիրի մը քաղաքացիները ըլլալով։

Նախարար Ալեքսանտր – Գանատան շատ աւելի հզօր է ունենալով հայ համայնքին նման համայնք մը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.