Կը բացուի՞ն Թուրքիոյ կալուածագրային (cadastre) արխիւները


Հայապատկան կալուածներու (եւ դրամատնային հաշիւներու) արխիւները կը բացուի՞ն, պիտի բացուի՞ն, յանուն թափանցիկութեան եւ իրաւունքի (եթէ չեն փճացուած): Քանի որ կը խօսուի «օսմանեան քաղաքացիներ»ու եւ անոնց զաւակներու եւ թոռներու մասին, եթէ կարելի է ըսել՝ հասկացողութեան ոգիով եւ համակրանքով, անհրաժեշտ է լոյս սփռել, առանց խուսանաւելու:

Կալուածագրային արձանագրութիւնները, եթէ բացուին, վիճելի չեն կրնար ըլլալ, մեկնաբանութեան համար դատարանի եւ խորհրդաժողովներու կարիք չ’ըլլար: Կալուածային իրաւունքներու ճշդումը կը դառնայ վարչական խնդիր:

Մանաւանդ որ հայոց իրաւունքներու հարցը խօսքի եւ կիրքի սահմանէն դուրս գալով, հարիւր տարիէ ի վեր առաջին անգամն ըլլալով իսկական դատի ոլորտը կը մտնէ երբ կալուածագրերը խօսին, քանի որ կը բացայայտուի, որ քաղաղաքական եւ նիւթական աւազակութիւն կատարուած է:

Ցեղասպանութեան ճանաչման դրական արտայայտութիւններէն ետք, միջազգային պատասխանատուութիւնը եւ բարոյականը կը պահանջեն վերականգնումը հայապատկան ինչքին, հողին, հարստութեան:

Թէեւ անմիջապէս պէտք է ճշդենք, որ այդ վերականգնումները անհատուցելի ոճիրները արձանագրուած պիտի պահեն համամարդկային պատմութեան եւ խիղճին մէջ, ոճիրներ՝ ընդդէմ հայ ժողովուրդի ստեղծագործական կարողութեան, զոր սովորաբար կը սահմանենք մեր մտաւորական ուժի անճիտումով:

Տնտեսական հարցերը երբեք պէտք չէ մոռցնեն մշակութային կորուստը, անհատուցելի ոճիրը:

Միջազգային արդարադատութիւնը եւ բազմանուն ատեանները, ցեղասպանութիւնը որպէս մարդկութեան դէմ ոճիր ճանչցողները, նաեւ Թուրքիան, լսումներ պէտք է կազմակերպէին, չբաւարարուելով խօսքերով: Այդ լսումներուն համար հարկ էր հրաւիրել թուրք մտաւորական Թանէր Ագշամը:

Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ 100-ամեակին Ծիծեռնակաբերդ խմբուած մեծանուններուն շարքին գտնուէր Թանէր Ագշամը, թուրք մտաւորականը, որպէսզի բեմէն բերէր ցեղասպանութեան աւազակային փաստերը եւ հետեւանքները, պետութիններու նախագահներուն եւ ներկայացուցչութիւններուն առջեւ, որ խօսէր նաեւ որպէս ժամանանակից արժէքներով առաջնորդուող թուրք:

Գէորգ Պաղճեանը ողջ չէ, որ ըսէի թէ ան ալ պէտք էր գար իր «Թուրք կառավարութեան կողմէ բռնագրաւուած այսպէս կոչուած Հայոց լքեալ գոյգ»ի մասին իր փաստագրական գիրքով (La confiscation par le gouvernement turc, des biens arméniens dits «abandonnés», 1987):

Միջազգային հանրութեան պէտք է բացայայտել,- ոչ միայն գիտական փակ շրջանակներու,- թէ ո՞ւր գացած է այդ «այդպէս կոչուած լքեալ գոյքը», միաժամանակ ճշդելով, թէ ինչո՞ւ լքուած էր այդ գոյքը: Այդ պետական մակարդակով գործուած աւազակութիւնը կրնար բացատրել նաեւ, թէ ի՞նչ եղած էին ցեղասպանութիւն գործելու իսկական դրդապատճառները. հողը եւ ինչքը:

Թանէր Ագշամ, ուսումնասիրած եւ հրապարակած է իրողութիւնները: Օսմանեան իշխանութիւնը եւ անոր յաջորդած Հանրապետական կառավարութիւնը, բռնագրաւումները ծառայեցուցած են իւրացումներու, անոնց վրայ կառուցելով երկրի յետ-պատերազմեան տնտեսութիւնը եւ անոր վերականգնումը:

Թանէր Ագշամ կը բացատրէ, հիմնաւորումներով, որ «լքեալ գոյք» յայտարարուածները, այսինքն սպանութեան եւ հայրենահանման հետեւանքով բռնագրաւուած «թողօնը» դարձած է «գողօն» եւ որպէս աւար բաժնուած է: Տուներ եւ հողեր ձրիաբար տրուած են Պալքանեան երկիրներէ եկած գաղթական թուրքերուն: Մեծ թիւ կազմող հայկական առեւտրական եւ ճարտարարուեստական հաստատութիւնները իւրացուած են թուրքերու կողմէ, կրկնենք, իրարու միջեւ բժանուած են որպէս աւար, ստեղծելով անաշխատ դրամատէրերու դասակարգ, որ նոր թուրք հանրապետութեան տնտեսական նեցուկը պիտի ըլլար, թուրքերով կազմուած դասակարգ: Այդ հաստատութիւնները երբեմն ալ վաճառուած են աճուրդով: Եւ ո՞ւր գացած են ստացուած գումարները, պիտի հարցնէ միամիտ քաղաքացին: Զինուորներուն տրուած են այգիներ, անասուններ, տուներ, որպէս վարձատրութիւն: Բռնագաղթի ենթարկուած հայերու փոխադրութեան եւ այլ ծախսերուն համար օգտագործուած են հայերու ստացուածքները: Հայապատկան մեծ շինութիւնները դարձած են բանտ, հիւանդանոց, դպրոց, պետական շէնք:

Այս եւ այլ մանրամասնութիւնները ճշդող Թանէր Ագշամ, հիմնուելով վաւերագրերու վրայ, կ’եզրակացնէ, որ օսմանեան կառավարութիւնը այս բռնագրաւումները իրականացնելու համար առաջնորդուած է ծրագրուած եղանակով:

Այսինքն, ցեղասպանութիւնը ծրագրուած էր:

Վաւերագրեր հրատարակած է: Թանէր Ագշամի գիրքերը դժուար կը գտնուին, կամ կը մնան մասնագիտական շրջանակներու մէջ: Ինք կը յիշեցնէ այդ գիրքերու անունները, որոնք մատչելի պէտք է ըլլան հայերուն եւ օտարներուն: Օրինակ, «Ermeni Meselesi Hallolunmuştur», «Հայկական Հարցը լուծուած է» (2008) եւ «Young Turks’s Crime Against Humanity: The Armenian Genocide and Ethnic Cleansing in the Ottoman Empire», «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ցեղային զտումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ (2012):

24 Ապրիլէն ի վեր կը շարունակենք յիշեցնել գրեթէ համաշխարհային զօրակցութիւնները եւ 100-ամեակի արտակարգ փայլով եւ հնչեղութեամբ տօնակատարութիւնը: Այս յուզող տպաւորութիւնը չի կրնար յաւերժանալ, եթէ «Կը յիշեմ»ին չյաջորդէ իրաւ «Կը պահանջեմ»ը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը կատարած է առաջին քայլը: Դիմած է դատարան:

Հայկական հարցը այսպիսով կը դառնայ դատ:

Արդ, ի՞նչպէս պիտի հակազդեն Եւրոմիութիւնը, որ ընդունած է, որ ցեղասպանութիւն գործուած է, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը՝ որ աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ արդարութեան վերահսկողի իրաւ կամ ենթադրեալ դերը ունի, որպէսզի Թուրքիոյ ԿԱԼՈՒԱԾԱԳՐԵՐՈՒ (cadastral) արխիւները բացուին:

Բոլոր զոհերու կամ տեղահանուածներու ժառանգները կրնան չունենալ փաստաթուղթերը, ինչպէ՞ս ունենան, բայց պետութիւնը ունի այդ թուղթերը, հին եւ նոր, վաճառքի վաւերաթուղթերը, աճուրդներու վաւերաթուղթերը: Զանազան խուսանաւումներով այս հարցը շրջանցել ոճիրի համազօր է, մեղսակցութիւն:

100-ամեակէն ետք մենք մեզ պիտի գտնենք նորտէրզօրեան անապատի մէջ, եթէ գոհանանք տօնախմբութիւններու սրտապարար մխիթարական դափնիներով:

Մտահան պէտք չէ ընել, որ ցեղասպանութիւն գործուած էր հողի համար:

 

Յ. Պալեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.