Ոչ Պաշտօնական Տուեալներով Յայտնի Է Արցախի Նոր Խորհրդարանի Կազմը


Արցախի վարչապետի մամուլի քարտուղար Արտակ Բեգլարեանը Մայիս 3-­ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ոչ պաշտօնական նախնական տուեալները հրապարակած է` յայտարարելով «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան յաղթանակին մասին:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ Բեգլարեանը իր պլոքին մէջ գրած է, որ տուեալները Մայիս 4-­ի ժամը 03:00­ի դրութեամբ են` ըստ որոշ ոչ պաշտօնական ու մօտաւոր կուսակցութիւներու հաշուարկներուն.

  1. «Ազատ հայրենիք» կուսակցութիւն ­ 47%,
  2. «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւն ­ 5 տոկոսի շեմին է,
  3. «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» – 19%,
  4. «Լեռնային Ղարաբաղի կոմունիստական կուսակցութիւն» – 1.5%,
  5. «Խաղաղութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւն – 1%­էն քիչ,
  6. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն – 19%,
  7. «Շարժում­88» կուսակցութիւն – 6.5%:

Ըստ նախնական ոչ պաշտօնական տուեալներու` մեծամասնական ընտրակարգով յաղթածներուն ցուցակը հետեւեալն է.

  1. Դաւիթ Մելքումեան («Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն»),
  2. Արսէն Առստամեան (անկախ),
  3. Արզիկ Մխիթարեան («Ազատ հայրենիք» կուսակցութիւն),
  4. Վահրամ Բալայեան («Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն),
  5. Վիտալի Բալասանեան («Շարժում­88» կուսակցութիւն),
  6. Իւան Աւանեսեան («Ազատ հայրենիք» կուսակցութիւն),
  7. Սերկէյ Յարութիւնեան («Ազատ հայրենիք» կուսակցութիւն),
  8. Դաւիթ Իշխանեան («Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն),
  9. Արթուր Թովմասեան («Ազատ հայրենիք» կուսակցութիւն),
  10. Լեռնիկ Յովհաննիսեան («Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն),
  11. Արմօ Ծատուրեան («Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն»):

Բեգլարեանի տեղեկութիւններով` «որոշ ընտրատարածքներու մէջ կատաղի պայքար մղուած է, եւ չնչին տարբերութեամբ որոշ թեկնածուներ յաղթած են»: Բեգլարեանը իր ունեցած տուեալներուն հիման վրայ կը յայտարարէ, որ վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովի 33 տեղերը կը բաշխուին հետեւեալ համամասնութեամբ.

  1. «Ազատ հայրենիք» կուսակցութիւն – 15 աթոռ (11 համամասնական եւ 4 մեծամասնական),
  2. «հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն – 7 աթոռ (4 համամասնական եւ 3 մեծամասնական),
  3. «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» – 6 աթոռ (4 համամասնական եւ 2 մեծամասնական),
  4. «Շարժում­88» կուսակցութիւն – 2 աթոռ (1 համամասնական եւ 1 մեծամասնական),
  5. «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւն – եթէ 5%­ի շեմը յաղթահարէ վերջնական արդիւնքներով, ապա` 1 համամասնական աթոռ, այլապէս կուսակցութիւններէն մէկը կը ստանայ այդ մէկ աթոռը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.