Ցեղասպանութեան Հարցով Անգարայի Վարքը Խոչընդոտ Է Եւրոմիութեան Անդամակցելու Ջանքերուն. Հան


ՎԻԵՆՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւրոպական երկիրներու վրայ Թուրքիոյ յարձակումները աւելիով պիտի բարդացնեն Եւրոմիութեան անդամակցելու Անգարայի ջանքները, Ապրիլ 30ին յայտնած է Եւրոմիութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Եոհանս Հան: Աւստրիացի յանձնակատարը ըսած է, թէ նոյնիսկ եթէ այս կոշտ հակադարձութեան մէկ մասին պատճառը Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններն են, անոնք կրնան ապագային բացասական հետեւանքներ ունենալ:
«Այս դիրքորոշումը կրնայ ժողովրդականութիւն վայելել Թուրքիոյ որոշ շրջաններու բնակչութեան մօտ, սակայն անհանգստացած եմ անոր հետեւանքներով: Կը սերմանուին հակաեւրոպական եւ հակաարեւմտեան դիրքորոշման սերմեր, որոնք Եւրոմիութեան անդամակցիլը կը բարդացնեն», յայտարարած է յանձնակատարը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիա սուր քննադատութեան ենթարկած է Հռոմի պապը, Եւրոխորհրդարանը, Աւստրիան եւ Գերմանիան՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը օգտագործելնուն գծով։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.