Ինչո՞ւ Կ’ուզեմ Թուրքիան Ընդդիմադրէ 1915 Թուականը


Գրեց՝ Օրհան Քեմալ Ճէնկիզ

Թարգմանեց՝ Յարութիւն Մըսրլեան – Նիւ Եորք

 Օրհան Քեմալ Ճէնկիզ աշխատակիցն է Թուրքիոյ “Ռատիքալ” եւ “Զաման” օրաթերթերուն, նաեւ ան փաստաբան է ու լրագրող եւ մարդկային իրաւանց հարցերու ջատագով: Իր այս յօդուածը լոյս տեսաւ “Զաման” ի  Ապրիլ 23, 2015- ի համարին մէջ:

 

Վերջերս կը նկատեմ որ ստեղծած ենք այնպիսի  պատճառաբանութիւններ  որոնցմով կը փորձենք ուրանալ այն ինչ որ պատահած է Թուրքիոյ մէջ, 1915 թուականին:

Վերջին պատճառաբանութիւնը, որը որոշ «ստեղծագործական» բնոյթ ունի, անհեթեթ կերպով կը պնդէ, որ հայերը, տեղական զգեստ հագուելով, ինքզինքնին իբր թուրք կամ քիւրտ ձեւացնելով, սպաննած են մարդիկ որ իրենց անկախութիւն հետապնդող նպատակը աւելի հիմնաւորուի: Համալսարանի մը «ակադեմական»ներէն անհատ մը նման հարց մը  արծարծած էր: Այսպիսի հարցեր շատ կը ներկայացուին:

Ոմանք նոյիսկ կ՛առարկեն, որ Անատոլիայի մէջ, հայերը ցեղասպանութիւն գործադրած են թուրքերու դէմ :

Պիտի չզարմանամ, եթէ ասոնք յառաջ գան եւ ներողութիւն պահանջեն հայերէն, իրենց գոծած «Թրքական Ցեղասպանութեան» համար:

Երբ նման հարցեր կը լսեմ, իրապէս կ՛ամչնամ այս երկրին քաղաքացի մը ըլլալուս: Այս հարցերը զանազան բնոյթ կը ստանան: Վերջերս,  երկրին ամեն կողմ սփռուող հեռատեսիլի կայանի մը վրայ մասնակցեցայ զանազան հարցեր քննարկող ծրագրի մը: Եւ, անակնկալօրէն, «1915-ի Հարց»ը մէջտեղ եկաւ: Ծրագրին մասնակցող մէկը ազգայնական կուսակցութեան կը պատկանի: Ան հարցուց ինծի. «Ո՞վ պիտի բացատրութիւն տայ հայերու կողմէ իր մեծ մօր  ստացած վէրքերուն համար:» Կը ջանայի, անյուսալիօրէն, բացատրել թէ անհատի մը, կամ նոյնիսկ խումբի մը կողմէ գործուած յարձակում մը կարելի չէ բաղդատել ծրագրուած եւ զանգուածային յարձակումի մը հետ որը կազմակերպուած է քաղաքական կուսակցութեան մը կողմէ՝ կուսակցութիւն մը որը տէրն ու տիրականն էր այդ ժամանակուայ Օսմանեան Կայսրութեան:

Սակայն, հեռատեսիլի կայանին մէջ տիրող մթնոլորտին պատճառով, անոնք զիս կը նկատէին իբր ուրիշին ցաւերը արհամահող անհատ մը: Ըստ ինձ շրջապատող ազգայնական խմբակիցներուն, ես «Թուրքիոյ շահեր»ուն դէմ պայքարող մէկն էի: Եթէ մէկը հաւատայ որ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ան, այդ պարագային, Թուրքիոյ շահերուն դէմ գործած կ՛ըլլայ:

Եթէ մեր ազգային խղճմտանքը պատանդ պիտի դառնայ այդպիսի շահերուն, ուրեմն՝ այո՛, ես Թուրքիոյ շահերուն դէմ պիտի ըլլամ:

1915-ին Թուրքիոյ մէջ պատահածները ուրանալը անարդար է ոչ միայն զոհին, այլեւ՝ տեսակ մը անորոշութիւն կը ստեղծէ այս երկրին մէջ: Այդ իսկ պատճառով, ծայրայեղ ազգայնամոլութիւնն  ու ցեղապաշտութիւնը կը դառնան սովորական ազգայնամոլութիւն: Ուրացումը կը ջամբէ այլ ուրացումներ, եւ ատիկա չի վերջանար Հայկական Ցեղասպանութեամբ: Որովհետեւ այն բոլոր գազանութիւնները որոնք կատարուած են Ալեւիներու, Քիւրտերու եւ ուրիշներու հանդէպ, բնականաբար, ուրացման ենթակայ պիտի դառնան: Նոյնիսկ վերջին ջարդերուն, օրինակ՝ 1993-ի Սվազի ջարդերուն, 1978-ի Մարաշի ջարդերուն ոճրագործները դեռ անպատիժ կը մնան, եւ անոնք չեն իսկ ամչնար իրենց կատարածներուն համար:

Ազգայնականները կը հաւատան որ անզիչող ուրացումով երկրին շահերը ա՛լ աւելի պաշտպանած կ՛ըլլան: Եւ եթէ այդ շահերը կը պահանջեն ունենալ ոստոստող ժողովրդավարութիւն, նախայարձակումով ճնշուած մշակոյթ, եւ ատելութիւն բուրող ճառախօսութիւններ, այն ատեն անոնք բացարձակապէս շիտակ կ՛ըլլան: Բայց եթէ այս երկրին շահերը հիմնուած ըլլան ինքնավստահութեան վրայ, ունենալով զօրաւոր բարոյական խղճմտութիւն եւ ժողովրդավարութիւն, այն ատեն, մենք՝ անոնք որոնք կը հաւատան որ այս երկիրը պէտք է որ երես-երեսի գայ իր անցեալին հետյ, շիտակ կ՛ըլլանք:

Եթէ լաւատես ըլլամ, կրնամ երեւակայել որ այս տարի շատ մը ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան  յիշատակելու զոհերը Հայկական Ցեղասպանութեան: Կ՛ողջունեմ բոլոր անոնց որոնք փողոց պիտի իջնեն եւ հաւաքուին զանազան վայրերու մէջ յիշատակելու զոհերը Ցղասպանութեան: Զոհեր՝ որոնց յիշատակին առջեւ կը խոնարհիմ յարգանքով եւ ցաւով:

 Օրհան Քեմալ Ճէնկիզ

Ապրիլ 23, 2015

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.