Անգարային Ուղղուած Քիմ Քարտաշեանի Կոչը Կատաղեցուցած Է Թուրքերը


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Թայմ» թերթին մէջ ամերիկահայ աստղ Քիմ Քարտաշեանի յօդուածը կատաղեցուցած է թուրքերը:
Թրքական մամուլը արձագանգած է յօդուածին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին է։
«Ինթերնեթհապեր» կայքը այս մասին իր լուրին համար գործածած է՝ «Քիմ Քարտաշեան Ուղղութիւն Ցոյց Կու Տայ Անգարային» խորագիրը, իսկ «Միլլիյէ»չ՝ «Քարտաշեան Խրատ Կու Տայ Անգարային»:
Հակահայ իր կեցուածքով ծանօթ «Ենի Աքի»չ թերթը՝ մէջբերած է Քիմի հետեւեալ արտայայտութիւնը՝ «Եկած է ժամանակը, որ Թուրքիա ընդունի Ցեղասպանութիւնը», իսկ «ԱՀապեր» կայքը նշած է, թէ Քիմ այդ յօդուածը գրած է թուրքերու դէմ թշնամութեան ազդեցութեան տակ, յիշելով Քիմի արտայայտութիւններէն մէկը. «Նախահայրերս Ցեղասպանութենէն մէկ տարի առաջ՝ 1914ին, Հայաստանէն տեղափոխուած են Լոս Անճելըս: Եթէ փախուստ չտային, այսօր հոս չէինք ըլլար»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.