Բազմահազար Ջաւախքցիներ Ջահերով Երթ Կը Կատարեն


ԱԽԱԼՑԽԱ.- Ապրիլի 23ի երեկոյեան, «Զօրի Զօրեանօ երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնի ու Սբ․Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի աջակցութեամբ մեկնարկեց արդէն աւանդական դարձած ջահերով ու մոմերով երթը դէպի քաղաքի Մարդա թաղամասի վրայ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքար-յուշակոթողը:

Այս տարուայ երթին մասնակցողներուն թիւը քանի մը հազարով աւելի կը հաշուէ, քան նախորդ տարիներունը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.