Թուրքիոյ Պաշտօնական Վերնախաւը Խառնաշփոթի մէջ է. Տեղահանո՞ւմ, Թէ Ցեղասպանութիւն


«Երկիրմեդիա».- Հայոց Ցեղասպանութեան թեման այս օրերուն թրքական Hurriyet Daily News-ի գլխաւոր լուրերու շարքին է: Թերթը ուշադրութիւն հրաւիրած է վերջերս Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի «տեղահանումը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է» յայտարարութեան վրայ:

Թերթը յիշեցուցած է, որ «Աւելի կանուխ, Թուրքիոյ ներքին գործոց արդէն նախկին նախարար Էֆքան Ալայն այս թեմային շուրջ նոյնպէս յայտարարութիւն ըրած էր՝ նշելով, որ մէկ դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցածը ոչ թէ Ցեղասպանութիւն էր, այլ՝ տեղահանութիւն»:

Թերթը մէջբերած է Էֆքան Ալայի «Անոնք մեզ կը մեղադրեն Ցեղասպանութեան յանցանքով… Մենք զանոնք տեղահանած ենք, տեղահանած» յայտարարութիւնը:

Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Տաւութօղլու պարզաբանելով իր յայտարարութիւնը, TV 24 հեռատեսիլի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է. «Ես, այս խնդիրին շուրջ անկեղծ դատողութիւններ ըրած եմ: Ըսած եմ, որ տեղահանումը մարդկութեան դէմ յանցանք է, ուր ալ ըլլայ»: Այնուհետեւ ան աւելցուցած է, որ իր այս տեսակէտը ներկայացուցած է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարտին Շուլցին՝ նախքան Եւրոխորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերէալ բանաձեւի ընդունումը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.