Իսրայէլի Պատուիրակութեան Հրահանգուած է Կոտորածի Մասին Խօսիլ «Ազգային Ողբերգութիւն» Բնորոշումով
ԻՍՐԱՅԷԼ, «Երկիրմեդիա».- «Երկիւղելով նախկին դաշնակից Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները աւելի սրելու, ինչպէս նաեւ ամերիկեան քաղաքականութեան ուղեգիծէն շեղելու հաւանականութենէն, Իսրայէլ ձեռնպահ կը մնայ հայերու Ցեղասպանութիւնը ճանաչելէ»: Մէջբերումը «Թայմս աֆ Իսրայէլ» թերթի այսօրուան վերլուծական յօդուածէն է, որուն հեղինակ Ահարոն Հելլէր շարունակած է. «Այժմ, երբ յիշատակի օրը բոլորովին մօտ է, Իսրայէլի մէջ կոչեր կը հնչեն վերջապէս ընել այդ բանը: Եւ որպէս նման առաջին ժեստ, Թել Աւիւը Ուրբաթ օր Երեւան կ՛ուղարկէ քանի մը պատգամաւորներ, թէեւ անպաշտօն այդ պատգամաւորներու պատուիրակութեան խստօրէն հրահանգուած է կոտորածի մասին խօսիլ «ազգային ողբերգութիւն» բնորոշմամբ եւ ոչ թէ որպէս «Ցեղասպանութիւն»:
Իսրայէլի պատուիրակութեան անդամներէն Նախման Շաին, «Էյ.փի» գործակալութեան ըսած է, թէ ժամանակն է, որ Իսրայէլ ճանչնայ այդ Ցեղասպանութիւնը: «Կան արտաքին շահեր եւ արժէքներ: Եւ սա այն դէպքն է, երբ արժէքները պէտք է գերադասել շահերէն: Որպէս հրեաներ, մենք պէտք է ճանչնանք այդ իրողութիւնը», ըսած է իսրայէլացի պատգամաւորը: