Չաւուշօղլու Ուաշինկթըն Կու Գայ «Կանխելու» Համար Օպամայի Կողմէ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Օգտագործումը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու այս շաբաթուան վերջաւորութեան Ուաշինկթըն պիտի ժամանէ, ջանքեր գործադրելու, որպէսզի Ապրիլ 24ին ընդառաջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման չօգտագործէ «ցեղասպանութիւն» եզրը:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին՝ Չաւուշօղլու Կիրակի օր հանդիպում մը պիտի ունենայ թուրք-ամերիկեան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, իսկ արդէն յաջորդ օրը՝ Ապրիլ 20ին, ելոյթ պիտի ունենայ «Carnegie Endowment»ի մէջ: Ապրիլ 21ին, ան հանդիպում պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ:
Թերթը գրած է, թէ ինչ կրնայ պատահիլ, եթէ Օպաման գործածէ «ցեղասպանութիւն» եզրը: Ըստ անոր, նման քայլ մը պիտի նպաստէ ամերիկեան դատարաններու մէջ բացուած եւ Ցեղասպանութեան առնչուող դատական գործերուն ու Թուրքիա կրնայ պարտութիւններ կրել Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններու մէջ հայերու յարուցած փոխհատուցման դատերուն մէջ: Վերջապէս, կը նշուի, Օպամայի քայլը կրնայ օրինակ դառնալ այլ երկիրներու եւ նման դատական գործընթացներ անոնց մէջ կրնան իրականանալ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.