Եւրոխորհրդարանը կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը


ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Եւրոխորհրդարանը Ապրիլ 15ին, իր լիագումար նիստին քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:

«Հայոց Ցեղասպանութէան 100-ամեակ» խորագրուած քննարկումները կայացան լիագումար նիստի երկրորդ արարին, որուն ընթացքին ընդունուեցաւ յատուկ բանաձեւ։

 Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին կոչ կ՚ուղղենք Եւրոմիութեան  անդամ երկիրներուն ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը եւ կը խրախուսէ Եւրոմիութեան կառոյցները` նպաստելու այդ գործընթացին»:

 Բանաձեւը կոչ կ՚ուղղէ նաեւ Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Բանաձեւը ընդունուեցաւ միաձայնուեամբ։

 Բանաձեւը Եւրոխորհրդարանի նիստին ներկայացուեցաւ ֆրանսացի պատգամաւոր Ժան Մարի Գաւատայի եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.