Ապրիլ 24-ին iTunes-ի վրայ պիտի տեղադրուի Այնճարի Մասին Շարժանկար


Փոքր աղջիկ մըն էի, երբ ընտանիքս փոխադրուեցաւ Լիբանանի Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ, Պեքաայի դաշտին մէջ գտնուող հայկական փոքր գիւղ մը՝ Այնճար։ Մայրաքաղաք Պէյրութէն Այնճար փոխադրուիլը մեծ ցնցում մըն էր։ Այնճարը սկիզբը ձանձրացուցիչ էր։ Հազիւ տարիներ ետք անդրադարձայ, թէ որքան բախտաւոր եմ Այնճարի մէջ հայ հերոսական տիպարներու կողքին մանկութիւնս անցուցած ըլլալուս համար։

Յաջորդող տարիներու ընթացքին ծանօթացայ գիւղի երէցներուն եւ լսեցի Թուրքիոյ մէջ գտնուող իրենց բնօրրանին Մուսատաղի մասին իրենց պատմութիւնները։ Ծանօթացայ Մուսա Տաղի աւանդութեանց մեծամասնութեան՝ խոհանոց, պար, հարսանեկան խրախճանքներ եւ որսորդութեան արշաւներ։ Օրին Այնճարը պատմութիւններ պատմող մեծ մայրերու եւ մեծ հայրերու կողքին ուրախ վայրի մը վերածուեցաւ։ Երբ 1978-1979 տարիներու ընթացքին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն փախուստ տուող հայերը եկան Այնճար, այդ ատեն անդրադաձայ, որ կեանքը միշտ ուրախ չէ։

Ութը տարեկանիս յանկարծ ստիպուեցայ չափահաս դառնալ։ Իմացայ, թէ մեր գիւղի բոլոր երէցները տարիներ առաջ, երբ իմ տարիքիս էին պատերազմ տեսած են։ Եւ «այժմ» 1979-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին կը վերապրին 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքները։ Անոնց յիշատակները կ՚արթննային։

Այդ ամառ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութաեն աւելի մօտէն ծանօթացայ։ Իմացայ, որ մեծ հայրերս, իրենց մանուկ տարիքին մահէն փրկուած ու կեանքը վերապրած են։ Իմացայ, թէ վերապրողներուն երրորդ սերունդն եմ։ 1979-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, Այնճարի տարեցներու պատմութիւններուն ունկնդիր՝ 1915-ի ցեղասպանութիւնը վերապրեցայ։ Կային պահեր, երբ պատերազմներուն եւ պատմութիւններուն միջեւ կը շփոթէի։ 8 տարեկան աղջնակի մը համար՝ անոնք երկուքն ալ կը թուէին նոյն պահուն տեղի ունեցող դէպքեր։

Կեանքիս ընթացքին ինքզինքս զոհ զգացի։ Ինծի համար՝ հայ ծնած ըլլալը մելամաղձոտ կեանք մը ապրելու վճիռ մըն էր։ Արդարամտութեան գաղափարին նկատմամբ անյոյս ըլլալով՝ արդարութեան չէի հաւատար։ Որովհետեւ հայ ըլլալ կը նշանակէ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածի շառաւիղ ըլլալ։ Անոնց յուշերը, ցաւերը, պատմութիւնները եւ արդարութեան նկատմամբ յուսախաբութիւն կրելը մեծ պատասխանատուութիւն մըն է։ Ամբողջ աշխարհէն լքուած ըլլալու զգացում մը հոգիիս խորքը տեղաւորուած էր եւ զիս շատ կ՚ընկճէր։

Ֆիլմարուեստի մէջ իմ առաջին փորձերս կատարեցի: Դարձայ բենադրիչ: Հետագային, Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ» շարժանկարին մէջ, տեսարանի մը մէջ բռնաբարուած ու սպաննուած մօրենական Խաթուն մեծ մօրս ճակատագիրը կրող կնկայ մը դերը ստանձնեցի։ Թերեւս յուսացի, որ այդ մէկը զիս կը բժշկէ։ Սակայն միայն երբ Այնճարի մէջ իմ նախասիրած մեծ մօրս մահուան մասին լսեցի գիտակցեցայ, որ տեսակէտս պէտք է փոխեմ։ Այո՛, թուրքերը փորձեցին հայերը բնաջնջել, անոնք մեզմէ 1,5 միլիոն հոգի սպաննեցին, սակայն ձախողեցան։ Մենք այստեղ ենք ու կ՚ապրինք։

Իմ «ԱՅՆՃԱՐ» խորագիրով շարժանկարս կը պատմէ դժուար կացութեանց վրայ յաղթանակի պատմութիւնը։ Անիկա պատմութիւնն է Մուսա Տաղի քաջ հայերուն, որոնք դիմադրութեան եւ պատերազմի հերոսական դրուագներ կերտեցին։ Հինգ հազար հայ գիւղացիներ դիմադրեցին տեղահանութեան թրքական հրամանին։ Անոնք բարձրացան Մուսա լեռ, իրենց որսորդական հրացաններով ու բուռն դիմադրութիւն ցուցաբերեցին: 40 օր շարունակ կռուեցան եւ ի վերջոյ փրկուեցան ֆրանսական «Կիշէն» մարտանաւին կողմէ։ Տարիներով տեղափոխուեցան, ի վերջոյ հաստատուեցան Լիբանանի մէջ եւ կառուցեցին Այնճարը, այն գիւղը ուր հասակ առի։ Մուսա Տաղի այս քաջ ժողովուրդը յաւիտեանս անմահացաւ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի կողմէ best seller նկատուած Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Տաղի քառասուն օրերը» վէպի ճամբով։ Սակայն ինծի համար, այդ մարդիկը իմ նենէներն ու պապուկները՝ մեծ մայրերս ու մեծ հայրերս էին, դրացիներս, ժողովուրդս։ Անոնք ցեղասպանութենէն վերապրեցան։ Անոնք ապրեցան եւ մաս կը կազմեն իմ կեանքիս։ «ԱՅՆՃԱՐ»-ի ճամբով կ՚ոգեկոչեմ անոնց վերապրումին 100-ամեակը։

Նորա Գէորգեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.