Կարսի նահանգապետ Կիւնայ Էօզտէմիր Պապը կը հրաւիրէ իսլամանալու


Խորագիրը կը պատկանի թրքական մամուլին։

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ Ապրիլ 12-ին Վատիկանի մէջ մատուցանուած պատերազմի ընթացքին՝ 1915-ի Հայոց ջարդերուն Ֆրանսիս Պապին կողմէ ցեղասպանութիւն որակումը իսկական փոթորիկի մը համազօր եղած է ամբողջ Թուրքիոյ մէջ։ Մամուլը եւ ընդհանրապէս զանգուածային լրատու միջոցները կրակ կը ժայթքէին եւ կը յորդէին քննադատական արտայայտութիւններով։

Դժգոհութեան այս ալիքէն չէ ուզած անմասն մնալ նաեւ Կարսի նահանգապետը՝ Կիւնայ Էօզտէմիր, որու պարագան եզակի երեւոյթ կը հանդիսանայ բողոքի այս ժխորին մէջ։ Ապրիլ 13-ին, Կարսի («Ուլու Ճամի»ին «Ուլու մզկիթ»ին) մէջ անդրադառնալով Պապին ելոյթին, ինք եւս բուռն կերպով քննադատած է զայն։

Ապա, Կիւնայ գթասրտութեամբ աղաչած է Աստուծոյ, որպէսզի «Պապին հիտայէթ պարգեւէ»։ «Քարշը կազէթէ», կը գրէ, թէ ըստ Թրքերէն լեզուի հիմնարկի բառարանին, այս եզրը կը նշանակէ «ճիշտ ճամբան՝ մահմետականութեան ճամբան [ընտրելու իմացութիւն]», ուրկէ ալ՝ լուրին վերոնշեալ խորագիրը։

Այնուհետեւ, մզկիթին միութեան նախագահը՝ Եասին Աշքըն Եըլմազ ալ ըսած է, թէ կը մերժեն Պապին կողմէ արտասանուած դատապարտիչ խօսքերը։ «Կենդանի փաստեր ունինք։ Նայեցէք մեր մզկիթին մէջ գոյութիւն ունեցող հետքերուն. մեր նահատակ նախնիներուն իւղի հետքերը կան հոս։ Պապը կը հրաւիրենք մեր աղօթքին ներկայ գտնուելու։ Կ՚ուզենք, որ գայ՝ տեսնէ, ուսումնասիրէ եւ հասկնայ, ըմբռնէ՛ ճշմարտութիւնը։ Տայ Աստուած՝ ընդունի մեր հրաւէրը» ըսած է ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.