Եւրոպական Միութենէն 500 հազար եւրօ ի նպաստ սուրիահայ գաղթականներուն


Եւրոպական Միութիւնը շուրջ 500.000 եւրոյի գումար մը յատկացուցած է Հայաստանին որպէս տնտեսական նպաստ սուրիահայ գաղթականներուն, որոնք հոն ապաստանած են։ Ներկայիս, Հայաստան հաստատուած սուրիահայ գաղթականներու թիւը շուրջ 13.000 կը գնահատուի։ Այս նպաստը գլխաւորաբար պիտի ուղղուի սուրիահայ այն գաղթականներուն, որոնք կը փափաքին հիմնել իրենց անձնական ձեռնարկութիւնը։ Գումարները պիտի փոխանցուին Միջազգային Կարմիր Խաչին միջոցով։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.