Աքթարի Խորհրդածութիւնը Ցեղասպանութեան Եւ Փոքրամասնութեանց Կապակցութեամբ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Թարաֆ» թերթի յօդուածագիր Ճենկիզ Աքթար իր յօդուածին մէջ գրած էր, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի կապակցութեամբ իրականացուող ձեռնարկներու տարափին, սկսելով Վատիկանի իրադարձութիւններէն ու հասնելով Եւրոխորհրդարանին մէջ նոր բանաձեւին, յիշեցնելով, որ 2000ին եւ 2005ին Եւրոխորհրդարանը Թուրքիոյ կոչ ըրած էր Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու։
Աքթար նոյն յօդուածին մէջ կը գրէ, որ հանրապետական երեսփոխան Այքան Էրտեմիր կը նախատեսէ բանաձեւ մը, որ իրենց հայրենիքէն տեղահանուած ու աքսորուած հայրենակիցներուն կամ տեղահանութեան ենթարկուածներու մինչեւ չորրորդ սերունդի ժառանգորդներուն պիտի ճանչնայ Թուրքիոյ հայրենակցութեան վերադառնալու իրաւունք։ Եթէ այս օրէնքը ընդունուի, խնդրոյ առարկայ անձերը երեք տարի ժամանակ պիտի ունենան դիմում կատարելու համար։ Աքթար կը նշէ, որ թէեւ միամտութիւն կ՛ըլլայ ակնկալել, որ իշխող կուսակցութիւնը պիտի ընդունի այսպիսի օրէնք մը, «բայց նոյնիսկ եթէ չընդունուի ու զամբիւղ նետուի, յուսադրիչ է, որ նմանօրինակ զգայնութիւններ երեւան գալու սկսած են փոքրամասնութիւններու ի նպաստ, մանաւանդ, որ այս օրէնքը կ՛առաջարկուի փոքրամասնութիւններու դէմ անիրաւութիւնները գործած Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան մէկ անդամին կողմէ»։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.