Շառլ Ազնաւուր Ապրիլ 24ին Հայաստան Պիտի Ըլլայ


ՓԱՐԻԶ.- Շառլ Ազնաւուր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ Ապրիլ 24ին Հայաստան պիտի ըլլայ: Այս մասին՝ ան յայտարարած է ֆրանսական Europe 1 հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Հարցումին, թէ կա՞ն արդեօք փոփոխութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան ընկալումներու մէջ, Հռոմի Պապի ելոյթէն յետոյ, Ազնաւուրը պատասխանած է. «Ոչ, բայց ամէն ինչ պէտք է փոխուի եւ հաստատ պիտի փոխուի: Օր մը երիտասարդութիւնը ոտքի պիտի կանգնի, որովհետեւ երիտասարդութիւնը չի ցանկանար արեան բիծ ունենալ իր ճակատին եւ ապրիլ ատով 100 տարի»:

Ան նաեւ նշած է, որ իր նպատակը թուրքերը հալածելը չէ, այլ որ անոնք ալ Հայկական հարցին վերաբերին այնպէս, ինչպէս ինք կը վերաբերի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.