Սիտնիցի Վիրաբոյժ Ռաֆֆի Գասապեան Հայաստանի մէջ Կեանքեր Փրկելու Առաքելութիւնը Ունի


Աւստրալիական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթի կայքը կը գրէ, որ «Փրինս Ալֆրետ» հիւանդանոցի վիրաբույժ Ռաֆֆի Գասապեան անցնող 10 տարիներէն ի վեր կը հսկէ Հայաստանի մէջ երակային վիրաբուժութեան առաջին բժիշկը նախապատրաստելու աշխատանքին։

10 տարի առաջ, Հայաստան կատարած իր առաջին այցելութեան ժամանակ, Ռաֆֆի Գասապեան երբեք չէր երեւակայէր, որ կեանքեր փրկելու եւ երիտասարդ վիրաբուժերու պատրաստութեան հսկելու իր առաքելութիւնը այսքան դժուար պիտի ըլլար։

Տոքթ.Գասապեան անցնող տասնամեակի ընթացքին տարին երկու անգամ ճամբորդած է իր ծնողներուն ծննդավայրը՝ Հայաստան կեանքեր փրկելու համար կատարելով ներերակային գործողութիւններ՝ դարմանելու համար արեան վնասուած երակները՝ կանխարգիլելով կաթուածները։

Աւտրալիա ծնած տոքթ.Գասապեան, որ քաղաքի Կլիպ շրջանէն է, ընտանիքին մէջ ստացած է ազգային դաստիարակութիւն եւ իր նպատակը դարձուցած է Հայաստանին օգտակար ըլլալը։

Ան կը յայտնէ, որ 2004-ին, երբ առաջին անգամ Հայաստան գացած է՝ այն սպասումը ունեցած է, որ ներերակային դարմանումը Հայաստան ներմուծող ասպետ մը պիտի ըլլայ, սակայն այդ սպասումը շուտով չքացած է, երբ ծանօթացած է իր առջեւ ծառացող հսկայական գործին։ Ան կը նշէ, որ երակներու գործողութիւնները երկու տեսակի են, ներերակային, ուր փոքր ծակ մը կ՚օգտագործուի, եւ բաց գործողութիւն, ուր բաց վէրքեր կը յառաջանան։ Ան շշմած է տեսնելով, որ Հայաստանի մէջ նախնական եղող այդ երկրորդ տեսակի գործողութիւնն իսկ չկայ։

Թէեւ հիւանդներ զինք սպասելու ընթացքին մահացած են՝ տոքթ.Գասապեան անցնող 10 տարիներու ընթացքին 2000 հիւանդներ քննած է եւ անոնցմէ 150-ը՝ վիրահատած, նոյն ատեն պատրաստած է հայ վիրաբուժ Էդուարդ Աղիեանը, որ դարմատան աշխատանքին կ՚օժանդակէ։

Տոքթ.Գասապեան կը յայտնէ, որ դէպի Հայաստան իր ճամբորդութիւնները տարեկան 100,000 ամերիկեան տոլարի շահերու կորուստ կը պատճառեն իր անձնական պիւտճէին։ Թէեւ անոր թափած ջանքը ի զուր չէ եղած. ան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանէն պարգեւատրուած է երկրին մէջ բժշկութեան բերած իր նպաստին համար։

Տոքթ.Գասապեան նաեւ կը յայտնէ, որ Հայաստան իր յաճախակի այցելութիւնները նաեւ օգնեցին, որ իր արմատներուն վերադառնայ եւ իր ազգակիցներուն հետ կապ հաստատէ։ Ան կ՚ընդգծէ, որ իր կատարածէն մեծ գոհունակութիւն կը զգայ։

Անոր երազն է ներերակային վիրահատութեան դպրոց մը բանալ եւ բժշիկներ վարժանքի համար Աւստրալիա հրաւիրել։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.