Հայ Թեկնածուն Կը Խոստանայ «Օտարներու Ձայները» Լսելի Դարձնել


Թուրքիոյ մէջ 7 յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին թրքական կուսակցութիւնները յստակացուցած են իրենց թեկնածուներուն ցուցակները:

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը խորհրդարանի 550 աթոռներէն 268-ին համար կին թեկնածուներ առաջադրած է: Քիւրտ վեթերան եւ երիտասարդ քաղաքական դէմքերու կողքին ցուցակին վրայ ներառուած են տարատեսակ թեկնածուներ` ընկերվարականներ, բարեպաշտ իսլամներ, ազգային, կրօնական եւ սեռային փոքրամասնութեանց անդամներ:

Հայ համայնքէն թեկնածու առաջադրուած են Կարապետ Փայլան եւ Մուրատ Մըչը, եզիտի համայնքէն` Ֆելեքնաս Ուճա, որ նախապէս Եւրոպական խորհրդարանի Գերմանիայէն ընտրուած անդամ էր, ասորի համայնքէն` Էրոլ Տորա, ինչպէս նաեւ ալեւի, չերքեզ եւ գնչու անհատներ:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարեց, որ իր կուսակցութեան ընտրացանկը համապարփակ կերպով կ՛արտացոլէ թրքական ընկերութիւնը: Կուսակցութեան ցանկին վրայ է պոլսահայ Սելինա Էօզուզուն – Տողան: Քըլըճտարօղլու յայտնեց, որ «Տողանի թեկնածութիւնը աշխարհին ուղղուած կարեւոր պատգամ մըն է: Մենք մեր ընկերութեան մէջ պառակտում չենք ուզեր: Մենք կ՛ուզենք միասնաբար մեծնալ եւ զարգանալ»` աւելցնելով, որ իր կուսակցութիւնը «օսմանցի հայերու 1915-ի սպանութիւններուն» 100-ամեակին նախօրեակին Տողանի թեկնածութեան վերագրուած «որեւէ իմաստ կ՛ընդունի»:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ընտրացանկին վրայ ներառուած են 103 կիներ, գնչու եւ յոյն համայնքներու անդամներ: Նշենք, որ կուսակցութեան թեկնածուներուն 85 առ հարիւրը ճշդուած էին մարտի վերջաւորութեան տեղի ունեցած նախնական ընտրութիւններու ճամբով: Մնացեալ թեկնածուները ճշդուած են կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին կողմէ:

Տողան երկար տարիներ Պաքըրքէօյի համայնքապետարանին մէջ աշխատող համայնքապետի տեղակալ Երուանդ Էօզուզունի դուստրն է: Անոր ամուսինը` Էրտալ Տողան, փաստաբան է եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան:

Տողան նշած է, որ թեկնածու առաջադրուելու առաջարկը նոր կատարուած է եւ անակնկալ եղած է իրեն համար: «Երիտասարդ եւ կին թեկնածու կը փնտռէին: Հայ համայնքին մէջ ալ այլընտրանքները շատ չեն: Կին թեկնածուն ալ չլսուած բան մըն է: Ես ալ մտածեցի` իսկ ինչո՞ւ չըլլամ: Թալին Էրկիւնեշն ալ թեկնածու առաջադրուած էր, սակայն կուսակցութիւնը նախապատուութիւնը ինծի տուաւ», ըսաւ ան:

Տողան նշած է, որ պիտի ըլլայ ոչ միայն հայերու, այլ նաեւ բոլոր խմբաւորումներու ձայնը խորհրդարանին մէջ: «Ընելիք շատ գործ ունինք: Բոլորին հետ հանդիպումներ պիտի ունենանք, բոլոր կառոյցները պիտի այցելենք: Հարցերուն միայն հայերու տեսանկիւնէն պիտի չնայինք: Ես պիտի ըլլամ ձայնի իրաւունքէն զրկուած բոլոր «օտարներուն» խօսափողը», ըսած է ան:

Տողան նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան մէջ իր թեկնածութեան առաջադրումը խորհուրդ կը պարունակէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.