Հայկական Ֆութպոլ. Յովհաննէս Գոհարեանի Ապաքինումը Երկար Կը Տեւէ


4-07-15_koharianՀայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն խումբի 20-րդ հանգրուանի Ուլիս – Միքա մրցումին (0-1), տանտէրներու յառաջապահ Յովհաննէս Գոհարեան վնասուածք ստանալով տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց:

Ուլիսի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ բժշկական քննութիւններէն ետք յայտնի դարձաւ, որ ֆութպոլիստը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին չի կրնար փորձերու մասնակցիլ:

Գոհարեան, որ քիչ մը ծանր վնասուածք ստացած է, յայտնի չէ, թէ ե՛րբ կը վերադառնայ ֆութպոլի դաշտերը, կը յայտնէ ArmSport.am:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.