Չաւուշօղլու Կ՛առաջարկէ «Հասարակաց Ցաւի Վրայ Բարեկամութիւն Կառուցել»


Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Հապերթիւրք»-ի հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է «1915-ի դէպքերուն» 100-ամեակին:

«Ամէն տեղ, ուր կ՛այցելենք, պէտք եղած նախազգուշացումները կը կատարենք: Եւրոպայի խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Թուրքիա պիտի այցելէ, անոր ալ պիտի հանդիպինք: Եւրոպական խորհրդարանին, տալիք որոշումը մեզի համար նշանակութիւն պիտի չունենայ», ըսած է ան:

«Բազմաթիւ պետութիւններու հետ բանակցութիւնները կը շարունակենք: Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք, կ՛ուզենք, որ հասարակաց ցաւի վրայ բարեկամութիւն կառուցուի: Մեր դեսպանները, դիւանագէտ ընկերները ջանքեր կը գործադրեն: Հայաստան պէտք է տեսնէ, որ այսպէս շարունակելը անօգուտ է, այդպէս պիտի չշարունակուի», աւելցուցած է Չաւուշօղլու:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.