Հայ Դիրքապահ Հերոսները Ետ Շպրտած Են Թշնամին
1796
0
ԵՐԵՒԱՆ.¬ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ 3 Ապրիլի գիշերը՝ ժամը 04:40ին, ղարաբաղեան¬ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ հակառակորդը անգամ մը եւս ձեռնարկած է ներթափանցման-հետախուզական գործողութեան՝ օգտագործելով հակահետեւակային ականազերծման կայանք:
«Մեր դիրքապահների հմուտ գործողութիւնների շնորհիւ հակառակորդը, կորուստներ կրելով, յետ է շպրտուել: Միջադէպի մանրամասները ճշտւում են: Պաշտպանութեան բանակին կողմից կորուստներ չկան», նշուած է յայտարարութեան մէջ։