Զինեալ Մը Ներխուժած Է Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Կեդրոն Մը


ՊՈԼԻՍ.- «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է զինեալ մը, որ Ապրիլ 1ին ներխուժած էր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պոլսոյ Քարթալ շրջանին մէջ գտնուող կեդրոնատեղին:
Զինեալը շէնք ներխուժելէ ետք բոլորին հրամայած է հեռանալ 7 յարկանի շէնքէն եւ բարձրացած 7րդ յարկը, ուր փշրած է շարք մը պատուհաններ եւ կախած թրքական դրօշ մը, որուն վրայ սուրի պատկեր կար: Ապա շէնքին շուրջ հաւաքուած ամբոխին ճառեր արտասանած է, սակայն անոր ձայնը անլսելի եղած է: Ապահովական ուժեր մուտք գործած են շէնք եւ ձերբակալած զայն:
Դէպքը տեղի ունեցած է, մինչ դատաւորներ եւ փաստաբաններ հաւաքուած էին քաղաքի եւրոպական կողմը գտնուող դատարան մը՝ մասնակցելու համար դատախազ Մեհմետ Սելիմ Քիրազի յուղարկաւորութեան. վերջինս մէկ օր առաջ պատանդ բռնուած էր ծայրայեղ ձախակողմեան Յեղափոխական ժողովրդային ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատի անդամ զինեալներու կողմէ, որոնք եւս սպաննուած էին ոստիկանութեան շղթայազերծած «փրկարար» գործողութեան ընթացքին:
Թրքական «Միլլիյէ»չ թերթի կայքը հաղորդեց, որ Պոլսոյ համալսարանի շէնքին մօտ եւս տեղի ունեցած է բողոքի հաւաք մը, որուն մասնակիցները բողոքած են դատախազը պատանդ բռնած զինեալները ձերբակալելու փոխարէն, զանոնք սպաննելու որոշումին դէմ: Հակառակ ոստիկանութեան զգուշացումներուն, ցուցարարները չեն ցրուած, որմէ ետք ոստիկանութիւնը ուժ կիրարկած է եւ բողոքի մասնակիցներէն 21ը ձերբակալած:
Միւս կողմէ, ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 32 կասկածելիներ, որոնք կը կարծուին դատախազին դէմ կատարուած գործողութեան մեղսակից ըլլալ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.