Սասնոյ Դիւցազնուհին՝ Խմբապետուհի Ռըպէ – Մահուան 100-ամեակ


Գծանկարը՝ Սիլվա Խաչերեանի

Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն, Սասնոյ 7-ամսեայ հերոսամարտի ընթացքին իրենց կարեւոր բաժինն ունեցան կիները: Առանձին խումբերով անոնք կը շրջէին դիրքերը, կռուողները կը խրախուսէին, ուտելիք եւ ջուր կը հասցնէին, յաճախ ալ կը մասնակցէին նաեւ կռիւներուն: Անոնք հազար տեսակ հնարք կը գործադրէին թշնամիներուն վնասելու համար: Լեռներու գագաթներէն քարեր կը գլտորէին, երկաթէ լծակներով ժայռեր տեղահան կ՚ընէին: Կատարներէն գլորուող այս քարերը, մինչեւ ձոր հասնիլը իրենց ճամբուն վրայ տեղահան կ՚ընէին քարակոյտեր ու ժայռեր: Լեռներն ու ձորերը կը լեցուէին աղմուկով ու թնդիւններով, կարծես երկրաշարժ տեղի կ՚ունենար ու աշխարհը փուլ կու գար ամէն կողմէ: Այս միջոցով թշնամին զոհեր կու տար ու չէր կրնար հասնիլ մեր դիրքերուն:

Կիներու այս խումբը օգնութեան կը հասնէին նաեւ վիրաւորներուն: Ժողովրդական դեղեր, մեծ մասամբ պատրաստուած մեղրով, անանուխով եւ աղով, կը բուժէին վիրաւորներու վէրքերը: Իսկ դարմանէն աւելի, կիներու անձնւէր խնամքն ու քաջալերանքն էր, որ ուժ կու տար անոնց: 

Կռիւներու ամենէն վտանգաւոր վայրկեաններուն, այս կիները կը սկսէին երգել ու պարել: Երբեմն անոնք յանկարծ նշմարած կ՚ըլլային հեռուէն երեւցող հայ կամաւորական խումբերը եւ ռուս զօրքը: Դիտումնաւոր կերպով տարաձայնւած այս լուրերը ուժ կու տային կռուողներուն, որպէսզի անոնք քիչ մը եւս տոկան հարիւր հազարաւոր զօրքերու եւ քիւրտ աշիրէթներու յարձակումներուն:

Այս կիներուն մէջ նշանաւոր էր Ռըպէն: Միջին տարիքը անցնող այս հերոսուհին, իշխանական ընտանիքէ ծանօթ Գրդէի Վարդանին տունէն էր: Գրդէն շառաւիղն էր նշանաւոր Մոսոյի տան: Մոսոն Սասնոյ յայտնի քաջ իշխաններէն եղած էր: Դաշնակցութեան ծնունդէն առաջ բազմաթիւ կռիւներ ունեցած էր քիւրտերու հետ եւ նահատակուած:

Մոսոյէն ետք Գրդէն պահած էր այդ նշանաւոր տան աւանդութիւնները: Յեղափոխականներուն համար իսկական օճախ մը եղած էր այդ տունը: Տամատեանէն մինչեւ Հրայր, Գէորգ Չաւուշ եւ Ռուբէն, ապաստան գտած էին այդ յարկին տակ:

Ռըպէն ահաւասիկ փոքր հասակէն այդ միջավայրին մէջ մեծցած էր, եկող ու գացող յեղափոխականներու շունչովն էր թրծուած: Ամուսնացած էր, զաւակներու տէր, սակայն հակառակ իր միջին տարիքին, պահած էր ուժն ու կորովը: Ռըպէն Անտոքի շրջանը կը գտնուէր, կանանց իր խումբով Ռուբէնի կողքին էր միշտ, սակայն երբեմն փախուստ կու տար ու կը հասնէր միւս շրջաններ, կը հասնէր մինչեւ Տալտար ու կը հասնէր միւս շրջաններ, կը հասնէր մինչեւ Տալւորիկ, կը խրախուսէր կռուողները, միւս շրջաններուն մէջ ալ կիներու խումբեր կը կազմակերպէր ու կը վերադառնար Անտոք:

Ռըպէն յոգնիլ չէր գիտեր: Բազմաթիւ ժամեր տեւող այդ ճամբորդութիւններէն ետք անիկա դարձեալ ուժեղ էր, կորովի ու ժպիտը դէմքին անպակաս: Ինչպէս կռիւներու, նոյնպէս եւ պարի ու երգի մէջ անիկա նմանը չունէր: Իր երկար, սէլվիի հասակը օրօրելէն պարի մէջ ուժասպառ կ՚ընէր նոյնիսկ ամենէն ուժեղ տղամարդիկը:

Այս աննման հերոսուհին նահատակուեցաւ Անտոքի փեշերուն, թնդանօթային ռմբակոծութեան մը ընթացքին ու բախտը ունեցաւ չտեսնելու Սասնոյ անկումը:

Կռիւներու ընթացքին յայտնի դարձան նաեւ Շուշանը ու Կուլէն: Երկուքն ալ Տալւորիկի իշխանական տուներէ: Այս երկու քաջ կիները իրենց խումբերով բախտորոշ դեր մը ունեցան մեր շրջանի կռիւներուն մէջ: Անոնց ներկայութիւնը, ցուցադրած կորովն ու քաջութիւնը պատճառ կ՚ըլլային հրահրելու կռուողներու եռանդը: Ափսոս որ Շուշանը եւ Կուլէն եւս իրենց հարիւրաւոր քոյրերուն հետ ինկան Սասնոյ անհաւասար կռիւներու ընթացքին:

Ռուբէն

«Հայ Յեղափոխականի մը յիշատակները»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.