Հայերէնով Զեկուցումներ՝ Վանի Բժշկագիտական Գիտաժողովին


ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանիայէն տոքթ. Սարգիս Ատամ կը տեղեկացնէ, թէ Յունիս 4էն 6, Վանի մէջ տեղի պիտի ունենայ գիտաժողով մը, որուն կազմակերպիչն է Միջագետքի բժշկագիտական միութիւնը։ Այս գիտաժողովը եօթներորդ անգամն է որ կը կազմկերպուի. անոր հրաւիրուած են չորս հայ մասնագէտներ՝ իրենց զեկուցումները հայերէնով ներկայացնելու խնդրանքով։ Ցարդ, այս գիտաժողովներու զեկուցումներու լեզուն եղած է քրտերէնը, թրքերէնն ու անգլերէնը, որոնք տեղւոյն վրայ կը թարգմանուին։
Ըստ միութեան գործադիր մարմինի որոշումին, այս տարուան գիտաժողովին, հայերէն զեկուցումներու ալ տեղ պիտի տրուի։ Պիտի բանախօսեն չորս հայ մասնագէտներ՝ Գերմանիայէն տոքթ. Համբարձում Մէրկէրեան, տոքթ. Սուրէն Պօղոսեան, տոքթ. Սարգիս Ատամ եւ Աւստրիայէն տոքթ. Արա Ուղուրլեան։
Համաժողովին ընթացքին հայերէն զեկուցումները համաժամ պիտի թարգմանուին քրտերէնի, թրքերէնի եւ անգլերէնի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.