Էրտողանի Նոր «Գիւտ»ը


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Հայերը իրե՛նք են, որ միտումնաւոր կերպով Ապրիլ 24ը յարմարցուցած են այնպէս, որ անիկա համընկնի Կալիփոլիի ճակատամարտի տարեդարձի օրուան», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, ֆրանսական «Ֆրանս 24» կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Էրտողան յիշեցուցած է, որ այս տարի Թուրքիան կը նշէ Կալիփոլիի ճակատամարտի 100րդ տարեդարձը, եւ անոր համար Հայաստանէն արտօնութիւն խնդրելու նպատակ չունի:
«Ասիկա պատմական թուական մըն է եւ բացարձակապէս կապ չունի Հայաստանի մէջ կատարուելիք միջոցառումներուն հետ: Ճիշդ հակառակը, անոնք թուականը այնպէս յարմարցուցած են, որ անիկա համընկնի մեր թուականին հետ», յայտարարած է Էրտողան:
Ան կրկին պնդած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց մէջ, Թուրքիա միշտ դրական քայլը առած է եւ՝ «խաղաղութեան ձեռք երկարած, իսկ Հայաստան երբե՛ք չէ ընդունած խաղաղութեան ձեռքը»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.