Հրանդ Տինքի գործակից եւ «Ակօս»-ի Հայերէն Բաժինի Խմբագիր Սարգիս Սերովբեան Ոչ Եւս Է


Ութսուն տարիներ առաջ էր, երբ ծնաւ ան Պոլսոյ մէջ, որպէս անդրանիկը բնիկ Սեբաստացի ընտանիքի։ Դեռ երկու տարեկան էր, երբ ճաշակեց որբութեան դառն բաժակը։ Մեծ Մշեցիի՝ Ս. Մեսրոպի աշակերտը եղաւ նախ Արդի Կրթարանի, ապա Էսայեան Վարժարանի մէջ։ Որբութիւնը չարտօնեց, որ ան ըլլայ լիսէական, համալսարանական կամ գեղարուեստից ակադեմիայի սան։ Մտաւ ասպարէզի կեանք։ Եղաւ համեստ աշխատաւոր՝ սառնարանի նորոգող։

Միշտ մնաց սանը Մաշտոցի ու իր աւանդին։ Եղաւ անհագ ընթերցող։ Պատմահայր Մովսէսէն Րաֆֆի եղան իր սիրելի բարեկամները։ Անոնց միջոցաւ պահեց կապը իր հայրենական հողերուն հետ։

Զինուորական տարիները աւելի կապեցին զինք այդ հողերուն։ Վերին կարգադրութեամբ զինուոր եղաւ իր պապերուն ծննդավայրին՝ Սեբաստիոյ մէջ։

Շատ երիտասարդ դարձաւ ընտանիքի “հայր”։ Խնամեց մեծ մայրն ու մայրը։

Ամուսնացաւ, ունեցաւ երկու զաւակներ։ Տարիներ յետոյ ունեցաւ երկու թոռներ։

Հայրենական հողը միշտ կանչեց զինք։ 4-5 հոգինոց խումբով մը սկսաւ շրջիլ գաւառները։ Ամբողջ Անատօլուն շրջեցաւ։ Պերճ Գամբարոսեանը իր սիրելի ուղեկիցը եղաւ։ Հեռաւոր գիւղի մը եկեղեցւոյ կամ վանքի մնացորդները իրեն համար այցելութեան եզակի վայրեր էին։ Ան սիրեց ուխտի երթալ Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետին ու մրմնջալ Կանաչեանի երգը. “Չանկլի, զիմ մուրազը տուր…”։

Տարիներու պտոյտներու եւ ընթերցումներու արդիւնքը սկսաւ արտադրել։ Պոլսահայ մամուլի էջերը դարձան իր նոր աշխատանքի վայրերը։ “Ժամանակ”էն “Մարմարա”, “Քուլիս”էն “Սուրբ Փրկիչ” լոյս տեսան իր ուղեւորութեան նօթերը, յուշագրութիւնները եւ համեստ ուսումնասիրութիւնները։ Կատարեց նաեւ թարգմանութիւններ։ Պատմուածքներ թարգմանեց, գիրքեր թարգմանեց։ Ունէր այն համոզումը, որ Հայ գիրն ու գրականութիւնը պէտք է ճանչնային նաեւ այս երկրի Թուրք, Քիւրտ, Ալէվի եւ այլ հաւաքականութիւնները։ Եւ այս համոզումին տուաւ իր մնացեալ տարիները։

Տարիներ ետք գործի կեանքէ հանգստեան կոչեց ինքզինք։ Եւ Վերին Կարգադրութիւնը անգամ մը եւս եկաւ միջամտել իր կեանքին. մէկտեղուեցան Հրանդ Տինքի հետ։ Յետ խորհրդակցութեանց, ընկերներու ալ համատեղումով, լոյս աշխարհ բերին Ակօս շաբաթաթերթի անդրանիկ թիւը։ Այսպէսով Ակօսը ունեցաւ երկու “պարոն”ներ. “Պարոն Հրանդ” եւ “Պարոն Սերովբեան”։

Եղաւ խմբագիրը թերթի հայերէն բաժնին։ Խմբագրատան իր համեստ սեղանը եղաւ այցելութեան մշտական վայրը այն բոլոր այցելուներու, որոնք ունէին հարցում մը Անատօլուի չես գիտեր որ գիւղի, չես գիտեր որ աւանի մասին, իր ընտանիքի մասին, չեմ գիտեր որ վանքի մասին կամ Հայկական աւանդութեանց մասին։

Ապրեցաւ ամենածանր հարուածը. կորսնցուց իր սիրելի ընկերը՝ Հրանդ Տինքը։ Եւ մինչեւ վերջին օրերը եղաւ Ակօս ընտանիքի աւագագոյն անդամը։

Որպէս Հայճար խումբի անպաշտօն “խմբապետ”ը, ամէն տարի ուղեցոյց եղաւ դէպի գաւառ կատարուած պտոյտներու։ Հակառակ տարիքին, այդ ուխտագնացութիւն-պտոյտները իրեն նոր կորով, նոր աւիշ ներարկեցին։

Ողջ կեանքին ընթացքին ունեցաւ երկու սկզբունք. 
Բարձր պահել պապենական պատիւը եւ 
երբեք չի խոնարհիլ անարդարութեան դէմ։

Եւ այսօր՝ 28 Մարտ 2015, Շաբաթ երեկոյեան, ընտանեկան յարկին ներքեւ, սիրածներուն մօտ, յետ կարճատեւ, սակայն անողոք հիւանդութեան, իր բարի հոգին աւանդեց ամուսինս, մեր հայրը, մեծ հայրը եւ ազգականը

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆը

Յուղարկաւորութեան կարգը պիտի կատարուի 31 Մարտ 2015, Աւագ Երեքշաբթի, ժամը 13.00-ին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։ 
Ապա մարմինը պիտի փոխադրուի Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատունը, ուր իր սիրելիներուն՝ մեծմօրը, հօրն ու մօրը մօտ պիտի ամփոփուի ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Ցաւով կը գուժենք զինք սիրողներուն ու յարգողներուն։

Յուղարկաւորութեան կազմակերպիչ՝ Վահան Ճիվանեան։

Կողակիցը՝ Մանուշակ Սերովբեան
Որդին՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան
Դուստրը՝ Կարինէ Սերովբեան-Պահչէճի
Փեսան՝ Պօղոս Պահչէճի
Թոռները՝ Առնօ եւ Աննա-Ռոզա Պահչէճի
Ազգականները՝
Սօնա Օզինեան
Նուրան-Սէլլա Եարըճը եւ որդին
Յակոբ Օզինեան
Ղազարոս-Հռիփսիմէ Աւետիսեան
Երուանդ-Սրբուհի Օտապաշեան եւ զաւակները
Վազգէն-Զարուհի Եագուպեան եւ զաւակը
Արմէն-Մարիաննա Աւետիսեան եւ զաւակները
Գրիգոր Էլմայեան
Յարութիւն-Սուլթան Պահչէճի
Շաշմազ, Կիւզէլեոլտաշ, Պաղճեան, 
Էսայեան եւ Տիտոնեան ընտանիքներ.

(Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի ֆէյսպուքեան կայքէջէն)


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.