Թէ Ինչպէս Թուրք Երաժիշտը 40 Տարեկանին Միայն Իմացաւ, Որ Ինք Հայ Է


Արտիոմ Երկանեան իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիոյ յայտնի ռոք երգիչ Եաշար Քուրթ հոգիով միշտ յեղափոխական եղած է։ Ան մասնակցած է հակակառավարական ցոյցերուն, զինք ձերբակալած են եւ մինչեւ իսկ դատապարտած բանտարկութեան։ Անոր երգերը ընկալուած են իբրեւ այլախոհութեան խորհրդանիշ, հնչած են՝ իբրեւ պատերազմներու, բռնութեան, կրօնական անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի քայլերգ։ Թուրքիոյ մէջ ոչ ոք չէ զարմացած, երբ 2008-ի Հոկտեմբերին Եաշար առանց երկմտելու ստորագրեց յայտնի դիմումը, որուն հեղինակները ներողութիւն կը խնդրէին հայերէն՝ ցեղասպանութեան հարցին մէջ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան համար։ Եթէ ան այդ ժամանակ գիտնար, թէ ինքնիրմէ ներողութիւն կը խնդրէ…։

Եաշար 40 տարեկան էր, երբ գիտցաւ, որ ինք հայ է։ Ան շատոնց կը նկատէր, որ տարբեր է շրջապատող մարդոցմէ. թուրքի նման չէ։ Սակայն ծնողները շարունակ կը թաքցնէին ընտանիքի ծագման պատմութիւնը։ 2009-ին արդէն յայտնի երաժիշտ Եաշարը առաջին անգամ համերգով Երեւան եկած էր. «Հայաստանի մէջ շատ հարազատ մթնոլորտ էր», կը յիշէ Եաշար «օր մը՝ փողոցներու մէջ պտտելու ընթացքին, խանութէն գնեցի հայ մեծ երգահան Կոմիտասի երաժշտութեան սկաւառակը։ Նկատեցի, որ սկաւառակի վրայ պատկերուած Կոմիտասը ինծի շատ կը նմանի։ Այնքան կը նմանէր, որ ինծի թուեցաւ, որ սկաւառակի վրայ իմ լուսանկարս է։ Ապշած էի՝ ինչո՞ւ այսչափ հայու կը նմանիմ, եթէ թուրք եմ։ Ինչո՞ւ կու լամ, երբ հայկական երաժշտութիւն կը լսեմ»։

Պոլիս վերադառնալուն պէս ան գնաց հօր մօտ եւ պահանջեց, որպէսզի պատմէ ամբողջ ճշմարտութիւնը ընտանիքի մասին, որքան ալ ատիկա դաժան ըլլայ։ Պատմութիւնը աւելի ողբերգական էր, քան Եաշարը կրնար ակնկալել։ Ի յայտ եկաւ, որ անոր նախնիները ապրած են Վանի շրջանին մէջ՝ հայկական Անձար գիւղին մէջ։ 1895 թուականին՝ հայերու առաջին ջարդերու ժամանակ, կոտորուած է ամբողջ ընտանիքը։ Ողջ մնացած է միայն Իսմայիլ անունով 9 տարեկան տղան, որ քալելով հասած է մինչեւ Սեւ ծով, ուր բարի մարդիկ անոր ապաստան տուած են։ Այդ տղան Եաշարի մեծ հայրն էր։ Յատկանշական է, որ համշենական գիւղին մէջ, ուր ան յայտնուած էր եւ ուրկէ ընտրած է իր հարսնցուն, կ՚ապրէին իսլամացած հայերու հետնորդներ։ Այսինքն՝ Եաշարի նախատատը, ըստ երեւոյթին, ծագումով նոյնպէս հայ էր, ինչպէս եւ երգիչի մեծ մայրը, որուն հետ ամուսնացած է Իսմայիլի որդին, նոյնպէս Համշենի մէջ ծնած է։

Եաշարի հոգիին մէջ յեղաշրջում տեղի ունեցաւ։ Լոյս սփռելով իր ընտանիքի պատմութեան մութ էջերու վրայ՝ ան հասկցաւ, որ իրականութեան մէջ ինչ էր պատճառը ստեղծագործելու շարժառիթ հանդիսացող անոր ներքին բողոքին։ Դիւրին չէ 40 տարեկանին նոր կեանքի սկսիլ։ Եաշար տակաւին պէտք է ինքզինք գտներ հայերու մէջ։ ան սկսաւ հայերէն սորվիլ, Հայաստանի պատմութեան մասին գիրքեր կարդալ։

Քէօլնի հայկական եկեղեցիին մէջ մկրտուելով՝ Եաշար այլեւս Արշակ Քուրթն է։

«Բարձրաձայն յայտարարելով, որ ես այլեւս հայ եմ, բազմաթիւ թշնամիներ ունեցայ», կը պատմէ ան, «ինծմէ երես դարցուցին նոյնիսկ անոնք, որոնք ես ընկեր կը համարէի։ Յայտնուեցան մարդիկ, որոնք ըսին՝ թէ, եթէ հայ ես, հեռացիր Հայաստան։ Ինծի դժուար էր բացատրել, որ եթէ ես հայ եմ, ապա այստեղ է տունս։ Իմ նախնիներու հայրենիքը անոնց կամքէն անկախ այս երկիրի մաս դարձած է։ Հակառակ ատոր, հայերը այս երկրի համար այնքան դրական բաներ ըրած են, որ ես առանց քաշուելու կրնամ հպարտանալ ծագումովս»։

Եաշար Քուրը ապրող օրինակ է, թէ ինչպէս Թուրքիոյ սակաւաթիւ հայերը, սարսափելի ողբերգութիւն վերապրելով, մինչեւ օրս կը շարունակեն նկատառելի ներդրում ունենալ Թուրքիոյ մշակոյթի զարգացման մէջ։ Առաջին հերթին ասիկա երաժշտութեան կը վերաբերի։ Թուրքիոյ արդի երաժշտութիւնը անհնար է պատկերացնել առանց հայերու։ Չեմ սխալիր, եթէ ըսեմ, որ մեր հայրենակից Հայկօ Չեփքինը թրքական ռոքի ամէնէն վառ աստղն է։ Թուրք ռոք երաժիտներէն ան թերեւս միակն է, որ յայտնի է արտասահմանի մէջ։ Թրքական էսթրատային երաժշտութեան ամէնէն յայտնի աստղերը իրենց ասպարեզի համար պարտական են հռչակաւոր արտադրող եւ գործիքաւորող, ազգութեամբ հայ Օնօ Թունջին։ Երաժշտական քննադատները կը պնդեն, որ անկէ առաջ փոփ երաժշտութիւն, իբրեւ այդպիսին, Թուրքիոյ մէջ չէ եղած։ Յայտնի թուրք երգահան Չենք Թաշքանի իսկական անունը Մաժակ Թոշիկեան է, ան կեղծանուն ընտրած է, որպէսզի խուսափի պետական գրաքննութենէն։ Թոշիկեանի հեղինակած երգերը համաշխարհային հռչակ պարգեւած են հանրածանօթ երգչուհիներ Սեզան Աքսուին, Աժտա Փեքքանին, Նուքհետ Տուռուին։ Սիպիլ Փեքթորոսօղլուն՝ Չենք Թաշքանի երգերու լաւագոյն կատարողներէն մէկը, նոյնպէս հայ է։ Ահա այսպէս, մեծն Կոմիտասի հայրենակիցները, ի հեճուկս երիտասարդ թուրքեր յանցագործներու ծրագիրներու, կը շարունակեն ապրիլ եւ ստեղծագործել Պոսֆորի ափերուն։

«Կոմիտասին շատ բանով պարտական եմ։ Եթէ ան չըլլար, թերեւս չգիտնայի որ հայ եմ։ Կոմիտասի շնորհիւ գտայ ինքզինքս, ձեռք բերի հաւատքը», կ՚ըսէ Եաշար Քուրթ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.