Համիլթընի քաղաքապետը հրաւիրուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան


Մարտ 23-ին, Գանատայի Համիլթըն քաղաքի Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Համիլթընի քաղաքապետ Ֆրէտ Այզընպըրկըրի հետ։ Համիլթընի քաղաքապետարանին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, հայկական պատուիրակութիւնը քաղաքապետին յատուկ հրաւէր ուղղեց մասնակցելու Համիլթընի հայ գաղութի կազմակերպած Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանդիսութեան։ Քաղաքապետը խոստացաւ ներկայ ըլլալ հանդիսութեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.