Տերսիմցի 9 գիւղապետեր Ծիծեռնակաբերդ այցելեցին


Լուսանկարները՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի

Թուրքիան պէտք է յիշէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ համապատասխան դիրքորոշում ընդունի այս հարցին նկատմամբ: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ատեն յայտնած է Տերսիմի հայերու միութեան անդամ Միհրան Փրկիչը, որ Տրսիմէն ժամանած գիւղապետներու եւ գործիչներու հետ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշամահալիր: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը, «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Մարտ 21-էն սկսած այցելութեան վերջին օրը՝ այսօր տերսիմցիները յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Անոնց շարքին էր նաեւ տերսիմահայ Զեքի Սարըճան, որ արդէն երկուկէս ամիս է, որ մկրտուած է եւ վերադարձած իր հայկական ակունքներուն` ստանալով Արմենակ անունը: «Ես առաջին անգամ կը գտնուիմ այստեղ եւ շատ յուզուած եմ: Միհրան Փրկիչի նախաձեռնութեամբ մենք` տերսիմահայերս, կամաց-­կամաց սկսանք մեր ինքնութիւնը գտնել, ճանչնալ մենք մեզի: Ի հարկէ, ես մանկութենէս գիտէի, որ հայ եմ, սակայն Թուրքիոյ պայմանները այնպիսինն են, որ մենք համարձակօրէն չէինք կրնար արտայայտուիլ ատոր մասին: Տերսիմի մէջ շատ են մարդիկ, որոնք կը թաքցնեն իրենց հայ ըլլալը: Եւ կան նաեւ այնպիսիները, որոնք չեն գիտեր իրենց ինքնութեան մասին: Տինքի մահէն ետք շատ բան փոխուեցաւ: Այս խնդիրը սկսաւ ալեկոծուիլ Թուրքիոյ մէջ: Թէեւ մէջս միշտ կար հայկականութեան զգացումը, բայց Հրանդի մահէն ետք ատիկա աւելի բոցավառուեցաւ»,­- նշած է Արմենակը` աւելցնելով, որ իր գիւղին մէջ բոլորը գիտեն իրենց հայկական ընտանիքի փրկութեան պատմութեան մասին:

Ցեղասպանութեան յուշակոթող կատարած այցելութիւնը յուզած էր նաեւ Տերսիմի հայերու եւ ալեւիներու բարեկամութեան միութեան նախագահ Սերքան Սարիաթաշը, որ այս մասին լրագրողներուն հետ հանդիպման ատեն ըսած է. «Մենք կ՛ըսենք, որ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ այն պետութիւնները, որոնք դեռ չեն ճանչցած զայն, պէտք է ճանչնան»:

Միրան Փրկիչը ընդգծած է Տերսիմը աւելի լաւ հասակնալու եւ ճանչնալու կարեւորութեան մասին` յիշեցնելով, որ այս վայրը եղած է հայ ժողովրդի առաջին բնակավայրերէն մէկը: «Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կան հազարաւոր հայկական գերեզմաններ, քանդուած եկեղեցիներ եւ նոյնիսկ լացող ժայռեր: Մենք Ապրիլին պիտի ըլլանք այն վայրը, ուրկէ հայերը ողջ-­ողջ նետած են ժայռերէն: Մենք ցոյց պիտի տանք, որ բոլորը տեսնեն, հասկնան, որ Ցեղասպանութիւնը կատարուած է: Այս ապրումները մենք Թուրքիոյ մէջ ամէն օր կ՛ունենանք: Ցեղասպանութիւնը այնպէս մարդոց մէջ մտած է, որ նոյնիսկ մեր Սթամպուլի եղբայրները կը դժուարանան ընդունիլ մեր հայկական ինքնութիւնը: Տերսիմի մէջ ապրող մեր բոլոր եղբայրներուն հայկական անունները ջնջուած են, թրքացուած են, քրտցուած են, արաբացած են, սակայն իրականութիւնը գաղտնի չմնաց: Մեր պապերու գերեզմաններուն վրայ գրած ենք անոնց անունները` Պօղոս, Սարգիս, Պետրոս: Եւ անոնց թոռները այսօր սկսան խօսիլ, ըսել` մենք հայ ենք, մեզ ընդունեցէք, վերացուցէք խոչընդոտները մեր առաջեւէն»,-­ ընդգծած է Փրկիչը:

Տերսիմի Կէովերգէ գիւղի գիւղապետ Հըտըր Էրենը յայտնած է, որ Հայաստան գալու նպատակներէն մէկն ալ եղբայրական ընտանիք մը գտնելու ցանկութիւնն է, որուն հետ յետագային իր երեխաները պիտի պահպանեն շփումն ու կապը եւ փոխադարձ այցելութիւններ պիտի իրականացնեն: Ան աւելուցած է նաեւ, որ ետ վերադառնալէն ետք իր ապրումերուն եւ տեսածներուն մասին պիտի պատմէ հայ հարեւաններուն ու բարեկամներուն:

Քարաճայ գիւղի գիւղապետ, Սալթըք ընտանիքի կրօնական առաջնորդ Էրոլ Սաթըքը, որ ալեւի է, փաստեց, որ հայերու դէմ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը 1938 թուականին կիրառուեցաւ արդէն ալեւիներու դէմ: «Ինչպէս հայերու պարագային, այնպէս ալ մեր ժամանակ նախ խաղաղութեան կոչերով հաւաքեցին զէնքերը, ապա եկան եւ կոտորեցին: Այդ կոտորածներու մասին պատմողը հայրս էր, որ կրցած էր փրկուիլ` մնալով դիակներու տակ: Այնտեղ այն ժամանակ միակ մեղքը իրենց ալեւի ըլլալն էր, իրենց հաւատքի խնդիրն էր, իրենք պետութեան որեւէ հակազդեցութիւն չէին տուած: Ինը տարեկանին ողջ մնացած հայրս կը քշեն իրենց տարածքէն: Երբ անոնց ձեռքերը կապած կը տանէին արեւմտեան կողմեր, ժողովուրդը կ՛ըսէր. «Քարանձաւներէն մարդիկ եկած են, երթանք տեսնենք ինչ էակներ են»: Եւ կու գային անասուններու պէս կը նայէին մեր նախնիներուն: Մենք նոյն ցաւերը ապրած ենք, ես շատ լաւ կը հասկնամ ձեզի»,­ նշած է Սալթըքը: Ան պատմած է նաեւ, որ որոշ ժամանակ առաջ իրենք 30 հազար ստորագրութիւն հաւաքած էին եւ դիմում ներկայացուցած էին Մէճլիս` պահանջելով ներողութիւն խնդրել կատարուածին համար, սակայն որեւէ պատասխան չէին ստացած: Ներկայիս դատը տեղափոխուած է ՄԻԵԴ, ուր անոր ընթացք տրուած է:

Պատմական ակնարկ Տերսիմի հայութեան մասին 

Հայոց պատմական Ծոփք նահանգի մաս կազմող Դերսիմը իրողութեան մէջ արեւմտահայերէնով կը գրուի Տերսիմ։ Շրջանը կը գտնուի Վանայ լիճէն հիւսիս-արեւմուտք, հիւսիսէն՝ Երզնկա, հարաւէն՝ Խարբերդ, արեւելքէն՝ Պինկէօլ-Մուշ եւ արեւմուտքէն՝ Սեբաստիա։  

Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբ, Տէրսիմի բնակչութեան զգալի մասը հայ էր: Տէրսիմի մէջ նախքան թրքացումը, հայկական եղած են նաեւ տեղանունները:

Թրքական յաջորդական կառավարութիւններու օրով, քանդուած եւ գետնին հաւասարեցուած են Տէրսիմի հայկական բոլոր եկեղեցիները:

Պատմութեան ընթացքին Տէրսիմի շատ մը գիւղերու մէջ հայ եւ գըզըլպաշ բնակչութիւնները համերաշխօրէն կ՛ապրէին, մինչեւ իսկ գըզըլպաշ երեխաներ հայկական վարժարան կը յաճախէին եւ հայերէն կը սորվէին: Հայերը լեռնային տէրսիմցիներու քիրվաներն (կնքահայր) էին: Օտար պատմաբաններ կը հաստատեն, որ 17-րդ դարէն սկսեալ, Բիւրակնի (Պինկէօլ), Սեբաստիոյ, Երզնկայի եւ Խարբերդի շրջաններուն մէջ ապրող հայեր, չդիմանալով օսմանեան թուրքերու ճնշումներուն, կը հաստատուէին Տէրսիմ եւ կրօնափոխ դառնալով` կ՛ընդունէին ալեւիականութիւնը (իսլամական շիա յարանուանութեան մէկ ճիւղը):

Ցեղասպանութեան տարիներուն տէրսիմցիները ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու: Ցեղասպանութեան հանգրուանին Տէրսիմ ապաստանած շատ մը հայեր ալեւի դարձած են` իւրացնելով տէրսիմցիներուն ապրելակերպը:

1938-ին թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան Տէրսիմի ցեղախումբերը` Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորութեամբ: Ըստ տէրսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներու, 1938-ի յեղափոխութեան տէրսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն տէրսիմցիներու կողքին սպաննուած եւ ջարդուած են նաեւ հայեր:

Այսօր եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած են 70 հազար տէրսիմցիներ եւ հայեր:

Մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը Տէրսիմի տարածքին գործած են 45 հայկական եկեղեցիներ եւ 5 վանքեր: Անցնող երկու տարիներուն շատ մը տէրսիմցիներ սկսան վերադառնալ իրենց հայկական արմատներուն: Այսօր Տէրսիմի մէջ կը գործէ նաեւ Տէրսիմցի հայերու հայրենակցական միութիւնը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.