Տեղի Պիտի Ունենայ Տերսիմէն Ժամանած Գիւղապետներու Մամլոյ Ասուլիս


ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտ 24-ին, ժ. 11:00ին Տերսիմի տարածաշրջնէն Հայաստան ժամանած 9 գիւղապետերը պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդ:

Նոյն օրը, ժ.13:00ին «Յիշողութեան արթնացում» ծրագիրի ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Մոտուս Վիվենտի կեդրոնի նախաձեռնութեամբ «Փոսթ Սկրիպտում» մամլոյ ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս, որուն պիտի մասնակցին Մոտուս Վիւենտի կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեան եւ Տերսիմի տարածաշրջանէն Հայաստան ժամանած 9 գիւղապետները (Հասցէն` մամլոյ շէնք, 3-րդ յարկ, հասցէն` Արշակունեաց պողոտայ, 2ա):

Գիւղապետները` Տերսիմի միութիւններու դաշնակցութեան նախագահ Ահմէտ Պալքըսի ու Տերսիմի հայերու եւ ալեւիներու միութեան նախագահ Սերկան Սարիատաշի գլխաւորութեամբ, այցելած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Խոր Վիրապ, Հայաստանի պատմութեան թանգարան եւ Մատենադարան, ընդունելութեան արժանացած են Արարատի մարզին եւ Երեւանի մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.