Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման զօրակցութեան առթիւ սուրիահայութիւնը երախտագիտութիւն կը յայտնէ


Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմինը ի հետեւումն Չորեքշաբթի, 18 Մարտ 2015-ին գումարած արտահերթ իր նիստին, Հինգշաբթի եւ Շաբաթ, 19 եւ 21 Մարտ 2015-ին, երեկոյեան, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Սուրէնեան դահլիճին մէջ գումարեց յաջորդական յատուկ նիստեր: Այս նիստերուն ընթացքին ժողովականները բծախնդրօրէն քննարկեցին Խորհրդարանին բանաձեւը եւ ի հետեւումն նամակներ ուղղեցին Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին եւ Սուրիոյ Խորհրդարանին:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին առիթով Սուրիոյ Խորհրդարանին մէջ հնչած Ցեղասպանութեան դատապարտումի եւ Հայ ժողովուրդին զօրակցութեան ու յարգանքի արտայայտութեան ի պատասխան, Սուրիոյ Նախագահին եւ Խորհրդարանին յղուած նամակներուն մէջ, Կեդրոնական Մարմինը յանուն սուրիահայութեան յստակօրէն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին ա՛յս կեցուածքին նկատմամբ, յատկապէս յիշեցնելով ու ակնկալելով որ Սուրիան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ միջազգայնացման գործընթացին մէջ ամէն ճիգ ի գործ դնէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.