Թուրքիոյ Հայերը Կրօնաւորներ Կը Պահանջեն Պատրիարքարանէն


Ս. Կիրակոս եկեղեցի, Տիարպեքիր։ Լուսանկարը Պերճ Արապեանի։

Վարդան Էսթուքեան «Ակօս»-ի անգլիատառ կայքին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ թէեւ Անատոլուի իսլամացած հայերը իրենց ինքնութեան վերաբերող շարք մը դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն՝ անոնք կը շարունակեն ջանք թափել վերադառնալու իրենց արմատներուն եւ իրենց նախահայրերուն մշակոյթը կենդանի պահելու։ Անոնց դիմագրաւած ամէնէն նշանակալից արգելքներէն մէկը եկեղեցի չունենալն է, որովհետեւ Անատոլուի եկեղեցիներուն մեծամասնութիւնը վնասուած է։ Միւս կողմէ՝ թէեւ Տիգրանակերտի, Վանի եւ Կեսարիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներ կան, սակայն կանոնաւոր կրօնական արարողութիւններ չեն ըլլար, որովհետեւ Պատրիարքութեան կողմէ հոգեւորականներ չեն նշանակուած։ Պոլսոյ եւ Ալեքսանտրեթի եկեղեցիներէն բացի Թուրքիոյ մէջ մնայուն հոգեւոր հովիւներ չկան։

Առայժմ, մնայուն կերպով ծառայող միակ հոգեւորականը Ալեքսանտրեթի Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ եւ Վագըֆլըի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Աւետիս Թապաշեանն է։ Թապաշեանի կողքին հայր Գրիգոր Տամաթեան եւ Արթուն սրկ. Կամաթեան կարեւոր տօներուն յաջորդող շաբաթներուն ընթացքին Անատոլուի տարածքին մէջ գտնուող եկեղեցիներ կ՚այցելեն եւ տեղւոյն հայ համայնքին հետ Ս. Պատարագ կը մատուցեն։ Տամաթեան իրողութեան մէջ Պոլսոյ մէջ Քատըքէօյի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է եւ ներկայիս Անատոլու կը գտնուի։ Բայցեւայնպէս, Անատոլուի մէջ մնայուն հոգեւոր հովիւներու կարիքը կը յամենայ։ Աթեշեան արքեպիսկոպոսը այս հարցին վերաբերեալ հարցումին պատասխանեց. «Չենք կրնար ըսել, որ Անատոլուի մէջ պատարագ չի մատուցուիր։ Հայր Գրիգոր Տամաթեան անցեալ շաբաթ Էլազըկ (Խարբերդ) էր, եւ այս շաբաթ Սվազի (Սեբաստիա) մէջ պիտի ըլլայ։ Եւ հայր Աւետիս Թապաշեան Ալեքսանտրեթի մէջ կը ծառայէ»։ Սակայն Անատոլուի հայերու կարծիքով պէտք է իրենց եկեղեցիները մնայուն հոգեւոր հովիւներ ունենան։

Տիգրանակերտը Կեդրոնն է

Տարօն-Մուշ-ի հայերու միասնականութեան ընկերային զբօսաշրջութեան ընկերակցութեան նախագահ Արմէն Գալուստեան քննադատեց պատրիարաքարանը եւ յայտնեց, որ Անատոլուի եկեղեցւոյ մը մէջ պէտք է հոգեւոր հովիւ մը ըլլայ։ «Տիգրանակերտը կեդրոնական դիրք մը ունի։ Անիկա Անատոլուի մէջ բազմաթիւ քաղաքներէ մէկ ժամուան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Ոչ միայն Տիգրանակերտի մէջ, այլ՝ հոգեւոր հովիւներ կրնան ըլլալ Վանի մէջ, սակայն առնուազն Տիգրանակերտի մէջ մնայուն հոգեւոր հովիւ մը ըլլայ, եւ առնուազն ամիսը երկու անգամ պատարագ մատուցուի։ Մուշէն Պաթման եւ Կեսարիա երկարող բազմաթիւ քաղաքներու մէջ բնակող հայեր կան։ Այդ մարդիկը վերադարձած են իրենց ինքնութեան եւ կ՚ուզեն զայն կենդանի պահել։ Եկեղեցին ատոր համար չափազանց կարեւոր է»։

Գալուստեան նաեւ կը նշէ, որ իրեն համար եկեղեցին աւելի մշակութեային նշանակութիւն ունի քան՝ կրօնական։ «Ինծի համար եկեղեցին մշակոյթս է։ Կ՚ուզեմ յուղարկաւորութիւնս այնտեղ կատարուի, եւ հայեր կ՚ուզեն եկեղեցւոյ մէջ պսակուիլ։ Սակայն այս մէկը Պոլսոյ մէջ ոչ ոքի հոգն է։ Այստեղի համայնքը երբեք պիտի չաշխուժանայ եթէ Պոլիսէն ներկայացուցիչ մը չուղարկուի»։

«Բոլոր եկեղեցիները քանդուած են»

Ատըեամանի բնակիչներէն Հիքմեթ Աքըրճը կը յայտնէ, որ Ատըեամանի մէջ հայերը ներկայ կը գտնուին ասորական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող պատարագին։ Պաքըրճը կը յայտնէ, որ հնադարեան ասորական եկեղեցւոյ մէջ պատարագին մասնակցող հաւատացեալներուն մեծամասնութիւնը հայեր են, եւ որովհետեւ մօտակայ քաղաքներուն մէջ լաւ վիճակի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիներ չկան՝ անոնք ստիպուած են իրենց կրօնական արարողութիւնները կատարել այլ եկեղեցիներու մէջ։ «Շրջանին մէջ գտնուող բոլոր հայկական եկեղեցիները քանդուած են։ Այս շրջանին մէջ լաւագոյն վիճակի մէջ գտնուող եկեղեցին Տիգրանակերտի մէջ է, սակայն ատիկա բաւական հեռու է։ Այդտեղ միայն կրօնական տօնի մը ատեն կրնան երթալ։ Ատըեամանի մէջ միակ եկեղեցին, ուր կրնանք պատարագ մատուցել հնադարեան ասորական եկեղեցին է։ Երկու շաբաթը անգամ մը պատարագ կը մատուցենք, եւ երբեմն ամիսը երեք անգամ։ Ներկաներուն 80 առ հարիւրը հայեր են»։

«Հայերը ասորի դարձած են»

Տիգրանակերտի մէջ կացութիւնը տարբեր է։ Տիգրանակերտի բնակիչներէն Մելիքէ Տարա Կիւնալ կը յայտնէ, որ Անատոլուի հայերը կամ ժամանակի ընթացքին բռնի իսլամացած են, կամ ալ իրենց հաւատքը կորսնցուցին, իսկ Տիգրանակերտի մէջ կարգ մը հայեր համակերպած են ասորական մշակոյթին։ «Տիգրանակերտի հայերուն մեծամասնութիւնը, ընկերային ու քաղաքական պատճառներով իսլամացած են կամ հաւատքնին կորսնցուցած։ Ուստի, մնայուն հոգեւոր հովիւի մը նշանակումը կրնայ որեւէ ազդեցութիւն չունենալ այդ խմբակին վրայ։ Դժբախտաբար քրիստոնեայ հայերը քիչ մնացած են։ Եւ անոնք ազդուած են ասորական աստուածաբանութենէն եւ համակերպած ասորական եկեղեցւոյ մշակոյթին»։

Կիւնալ կ՚աւելցնէ, որ գոյութիւն ունին հայեր, որոնք կ՚ուզեն, որ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մնայուն հոգեւոր հովիւ մը ըլլայ։ «Թէեւ քիչ են, սակայն ոմանք հոգեւոր հովիւի մը նշանակումը կ՚ուզեն, որպէսզի կարելի ըլլայ սորվիլ Քրիստոնէութիւնը՝ հայկական մշակոյթի հիմնական տարրերէն մէկը։ Սակաւաթիւ անատոլուցի հայերը կը փորձեն իրենց հաւատքը ապրիլ։ Սակայն երիտասարդ սերունդը իր ինքնութիւնը կը կորսնցնէ, որովհետեւ եկեղեցիէն կտրուած են։ Անոնք ասորի, քիւրտ կամ թուրք կը դառնան։ Հոգեւոր հովիւի մը ներկայութիւնը Անատոլուի հայերը միախմբուած պահելու համար շատ կարեւոր է»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.